2014-02-06 10:12:00

«Հայաստան» Հիմնադրամը Թելեթոնին Հաւաքուած Գումարէն 15 Միլիոն Դրամը Պիտի Տրամադրէ Սուրիահայութեան


«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 2014 թուականին պիտի շարունակէ սուրիահայերու օգնութեան բարեսիրական աշխատանքը: Հիմնադրամի պաշտօնական կայքին համաձայն՝ 2014 թուականի սկիզբները հիմնադրամի ֆրանսական մասնաճիւղի հաւաքած 100 հազար եուրօ գումարը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի միջնոդութեամբ պիտի տրամադրուի տարբեր մարդասիրական նախագիծերու իրականացման, իսկ Գերմանիոյ մասնաճիւղէն արդէն 35 հազար եուրօ փոխանցուած է «Սիրիահայերի արտակարգ իրավիճակների եւ վերականգնողական յանձնաժողովին»:
Բացի ատկէ, 2013 թուականի թելեթոնին ընթացքին հաւաքուած 15 միլիոն դրամը պիտի յատկացուի Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայ ընտանիքներու ընկերային, առողջապահական եւ կրթական կարիքներուն: Այդ գումարով պիտի վճարուին սուրիահայ ուսանողներու կրթաթոշակները, առանձին անհատներու վիրահատութիւններուն եւ թաղման ծախսերը: Ծրագիրէն օգտուողները պիտի ընտրուին սփիւռքի նախարարութան կողմէ:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հաւաքուած միջոցները մինչեւ օրս օգտագործած է շարք մը առողջապահական, կրթական եւ ընկերային աջակցութեան ծրագիրներու համար: 2013ի Յունիսի դրութեամբ 100,000 եուրօ (Ֆրանսայի տեղական մարմին), 12,000 եուրօ (Գերմանիոյ տեղական մարմին), 100,000 տոլար (Լիբանանի տեղական մարմին) յատկացուած են Սուրիոյ մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն տարբեր կարիքներու լուծման: Գումարին զգալի մասը յատկացուած է Հալէպի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն՝ որպէս աշխատավարձ:
Հիմնադրամի Պրազիլի (15,000 տոլար), Արժանթինի, Շուէտի տեղական մարմիններու հանգանակած գումարներով Հիմնադրամը փոխհատուցած է 110 սուրիահայ ուսանողի ուսման վարձը, ինչպէս նաեւ վեց սուրիահայու սրտի վիրահատութեան եւ երեքի յուղարկաւորութեան ծախսերը: Հիմնադրամի Արեւմտեան ափի տեղական մարմինի հաւաքած 10,000 տոլարով նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերուած է Երեւանի Կիլիկեան դպրոցին, ուր կ՛ուսանին Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայ երեխաները:
Գործարարներ Հրայր Յովնանեանի եւ Արա Աբրահամեանի նուիրաբերած միջոցներով հիմնադրամը ֆինանսաւորած էր Հալէպ-Երեւան-Հալէպ թռիչքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.