2014-02-06 12:36:50

Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը բացումը կը կատարէ ինչազուրկերու ի նպաստ ապաստանին եւ կը կարդայ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը։


Վենետիկիի ''Մարկերա'' շրջանին մէջ, Գարիթասի բարեսիրական մարմինը ապաստան - ճաշարան մը կառուցած է ի նպաստ շրջանի ինչազուրկերուն։ 5 փետրուար 2014-ին Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը` գերապայծառ Փարոլին, բացումը կատարեց ու օրհնեց այդ կեդրոնը։ Արարողութեան ընթացքին Պետական քարտուղարը կարդաց ֆրանչիսկոս Քահանայապետին քաջալերական պատգամը որուն մէջ ընդգծուած է` ''Սսիկա նախախնամական իրականացում մըն է որ առանձնայատուկ անկիւն մը կը շնորհէ Աստուծոյ ժողովուրդի աղքատներուն''։
Նշենք որ ինչազուրկերու սահմանուած շէնքը նուիրուած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ու դրուած ս. Յովսէփ Աստուածահօր պաշտպանութեան տակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.