2014-02-05 12:18:02

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը ` Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը։


Չորեքշաբթի, 5 փետրուար, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Ունկնդրութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի վրայ, որ Քրիստոէականի նախապատրաստումի նախահիմերէն մին է, Սուրբ Մկրտութեան եւ Սուրբ Դրոշմի խորհուրդներուն հետ միասին – ըսաւ Քահանայապետը։
Սուրբ Հաղորդութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքի ակնաղբիւրն է։ Հաւատքի, հաղորդութեան եւ վկայութեան վաւերական որեւէ ճանապարհ կը ժայթքի այս սիրոյ խորհուրդէն։
Զոհաբերումի խորանին վրայ Քրիստոս ընծայուած է, որպէս հոգեւոր սնունդ որ կ՛ընդունինք հացի եւ գինիի կերապարանքին տակ։ Սուրբ պատարագի զոհին ընթացքին անոր Խօսքն ալ սնունդ է։ Հացն ու Խօսքը կը դառնան մէկ, ինչպէս պատահեցաւ վերջին ընթրիքի պահուն, երբ Յիսուսի բոլոր խօսքերն ու բոլոր ցուց տուած նշանները խտացան Հացի բեկանումին եւ Արեան նուիրմին մէջ, որոնք կանխումն են` Սուրբ Խաչի զոհաբերումին ։ Ամէն անգամ որ այս խորհուրդը կը մատակարարենք կը մասնակցինք Քրիստոսի չարչարանքներուն` մահուան ու Յարութեան խորհուրդին։
Սուրբ Հաղորդութիւնը Աստուծոյ փրկչագործութեան գագաթնակէտն է։ Յիսուս, մեր Տէրը` դառնալով մեզի համար բեկանուած հաց, մեր վրայ կը սփռէ իր ողորմութիւնն ու սէրը, նորոգելով մեր սրտերը, մեր կաենքը ու անոր ու մեր եղբայրներու հետ մեր ունեցած յարաբերութիւնը։
Սիրելի բարեկամներ – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութեան աւարտին- խնդրենք Տիրոջմէ որ այս խորհուրդը շարունակէ կենդանի պահել իր ներկայութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ եւ մեր հասարակութիւնները ձեւաւորել սիրոյ եւ հաղորդութեան մէջ, Աստուծոյ սրտին համաձայն։
Խորհրդածութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց` երիտասարդներոն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն։ Վերյիշելով այսօր յիշատակուած Սրբուհի Ակաթայի տօնը, մաղթեց որ անոր հերոսական արաքինութիւնները խթանեն երիտասարդները հասկնալու` կուսութեան բիւրեղութեան կարեւորութիւնը. Ձեզի սիրելի հիւանդներ օգնէ` որպէսզի կարենաք ընդունիլ Խաչը, Քրիստոսի սրտին հետ հաղորդութեան մէջ, ու ձեզ սիրելի նորպսակեալներ քաջալերէ` աւելի խոր ըմբռնելու համար կնոջ դերը ընտանեկան կեանքէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.