2014-02-05 12:18:11

Օգնական Եղբայրի Ուխտադրութիւն


Կիրակի 2 Փետրուար 2014-ին, Տեառնընդառաջի Տօնին առիթով, Զմմառու վանքի Մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան անդամ Եղբայր՝ Գէորգ Ներսէսեան, Օգնական Եղբայրի առաջին ուխտը կատարեց վանքիս Մեծաւոր՝ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի առջեւ: Արարողութեան ներկայ էին Վարչական Հայրեր, Դպրեվանքի սաները, Եղբայր Գէորգի հարազատներն ու յարգարժան հիւրեր, որոնք կէսօրին՝ ջերմ մթնոլորտի մէջ միասնաբար ճաշեցին Դպրեվանքի սեղանատան մէջ







All the contents on this site are copyrighted ©.