2014-02-05 11:44:55

Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան պատուիրակութիւնները պիտի մասնակցին բանակցութեանց երկրորդ փուլին


Սուրիական ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպա Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը պիտի մասնակցի «Ժընեւ-2»-ի բանակցութեանց երկրորդ փուլին, որ նախատեսուած է 10 փետրուարին:
Հանդիպումէն ետք Լաւրով յայտնեց, որ Ազգային համաձայնական մարմինին «Ժընեւ-2»-ի մասնակցութիւնը կու գայ հաստատելու, որ մարմինը Սուրիոյ տագնապին լուծման համար ճիշդ ուղին ընտրած է:
Նախքան այդ հանդիպումը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը պիտի մասնակցի «Ժընեւ-2»-ի բանակցութեանց երկրորդ փուլին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով իր կարգին սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան առաջարկեց բանակցութեանց ընթացքին կազմել աշխատանքային խմբակներ, որպէսզի կարելի ըլլայ զինադադարի, մարդասիրական հարցերու եւ փոխանցման վարչական մարմինի ստեղծման նման շարք մը հարցերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:
Կաթիլով նաեւ յայտարարեց, որ սուրիական կառավարութիւնը պատրաստ է իր քիմիական զէնքերու ոչնչացման աշխատանքը շարունակելու 1 մարտին` աւելցնելով, որ Դամասկոս մտադիր է այս ամիս իր քիմիական զէնքերէն բաժին մը արտասահման ուղարկելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.