2014-02-05 11:49:06

Հայ Եկեղեցւոյ Մասնակցութիւնը Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Տասնմէկերորդ Ժողովին


28 յունուարէն 1 փետրուար 2014 Քոթայամի մէջ (Հնդկաստան), Հնդիկ ուղղափառ եկեղեցւոյ Պասիլիոս Թոմա Փաւլոս Բ. կաթողիկոսին հրաւէրով, գումարուեցաւ Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ (ոչ քաղկեդոնական) եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասնմէկերորդ ժողովը:
Հայ եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. աթոռներով մասնակցեցաւ այս աստուածաբանական երկխօսութեան: Յանուն Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Յովակիմ եպս. Մանուկեանը եւ Շահէ վրդ. Անանեանը: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, որ նաեւ կարտինալ Քուրթ Քոխի հետ ժողովին համաատենապետութիւնը վարեց:
Յունուար 28-ին Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները առանձին հանդիպում ունեցան եւ քննարկեցին իրենց եկեղեցիներուն առնչուած միջեկեղեցական հարցեր:
29 յունուարէն 1 փետրուար յանձնաժողովը քննարկեց «Ծէսը, Ս. պատարագը եւ ուխտագնացութիւնը քրիստոնէութեան առաջին հինգ դարերուն` որպէս եկեղեցիներուն միջեւ եղած հաղորդութեան ու հաղորդակցութեան ազդակ» նիւթը:
Յունուար 29-ին Պասիլիոս Թոմա Փաւլոս Բ. կաթողիկոս պաշտօնական ընթրիքով պատուեց յանձնաժողովին անդամները: Ընթրիքի ընթացքին Նարեկ սրբազան ողջոյնի խօսք ուղղեց եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն ողջոյնները փոխանցեց նորին սրբութեան եւ Հնդկաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ:
Յունուար 30-ին կարտինալ Քուրթ Քոխ եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան առանձին հանդիպում ունեցան: Սրբազանը Արամ Ա. կաթողիկոսին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց Ֆրանչեսկոս պապին. առաւել, ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 15-17 յունուարին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին կազմակերպած «Ժընեւ-2» ժողովի նախօրեակին կայացած խորհրդաժողովի ընթացքին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի բանալի դերակատարութեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ կացութիւնը, քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումը 2015-ին:
Նոյն օրը, կարտինալ Քուրթ Քոխ եւ Նարեկ սրբազան քաղաքավարական այցելութիւն տուին Հնդկաստանի ասորի ուղղափառ Պասիլիոս Թոմա Ա. կաթողիկոսին:
Նարեկ սրբազան Հնդկաստանի երկու արեւելեան ուղղափառ հոգեւոր պետերուն` Պասիլիոս Թոմա Փաւլոս Բ. կաթողիկոսին եւ Պասիլիոս Թոմա Ա. կաթողիկոսին փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները:
Յունուար 31-ին ժողովականներ Ս. Յովհաննէս եկեղեցի եւ Հնդիկ ուղղափառ եկեղեցւոյ ձեռագրատունը այցելեցին. իսկ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու պատգամաւորները հանդիպում ունեցան Ուղղափառ համացանցային լրատուական գործակալութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասներկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24-31 յունուար 2015-ին, Վատիկանի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.