2014-02-05 12:47:25

Աստուծոյ ծառայ ''Alvaro del Portillo'' խորաններու պատւոյն պիտի արժանանայ յառաջիկայ սեպտեմբեր 2014-ին։


''l'Opus Dei վիճակաւորը աղքատներու մեծ առաքեալը եղած է''։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը վաւերացուցած է Աստուծոյ ծառայ Alvaro del Portillo (1914-1994) երանացման դատը։ Անոր երանացման ծիսակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ իր ծննդավայրին մէջ` Մատրիտ, շաբաթ 27 սեպտեմբեր 2014-ին։ Յայտնենք որ ''Opus Dei'' միաբանութեան վիճակաւորը եղած է ինչազուրկերու եւ անօճախներու մեծ առաքեալը ։
Երանացման ծիսակատարութիւնը կը գլխաւորէ կարտինալ Անճելօ Ամաթօն, կառավարիչը սուրբերու դատի ժողովին։
Աստուծոյ ծառայ Alvaro del Portillo իր կեանքին մեծ մասը Հռոմ անցուցած է։ 1935-ին Սպանիայի մայրաքաղաքին մէջ ճանչցած է ''Opus Dei''-ի հիմնադիրը սուրբ Խոզէմարիա Էսկիվար ու յարած անոր հիմնած միաբանութեան։ 19 տարեկանին մաս կազմած էր Սան Վէնսա տը Բոլ խնամատար հաստատութեան, ուր կրօնսուցում կը կատարէր եւ օգնութեան կը հասնէր մայրաքաղաքի աղքատ թաղամասի աղքատներուն, նոյնպէս տունէ տուն սնունդ կը բաժնէր ինչազուրկ ընտանիքներուն։ 1944-ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի։ Կը պաշտօնավարէ նախ Մատրիտի մէջ եւ 1946 Հռոմ կը ղրկուի ուր իր կեանքին մեծ մասը ''Յաւիտենական Քաղաք''ին մէջ կ՛ացնէ։ Այս պատճառաւ երանացման կազմակերպիչ կոմիտէն կը նախատեսէ բազմաթիւ ծրագիրներ պատրաստել նաեւ Հռոմի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.