2014-02-05 11:42:21

«Եթէ Հայաստանի վրայ նոյնիսկ մէկ ռումբ իյնայ, Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան պայմանները ուժի մէջ պիտի մտնեն» Ըսաւ Սոքոլով


Ռուսիոյ նախագահութեան միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդի անդամ, Միջազգային համագործակցութեան զարգացման աջակցութեան հիմնադրամի նախագահ Ալեքսանտր Սոքոլով ազրպէյճանական Vesti.az կայքէջին յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ կան անձեր, որոնք միայն ուրախ են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի սրումին համար:
Պատասխանելով նոր պատերազմի հաւանականութեան մասին հարցումին` Սոքոլով նշած է, որ Ղարաբաղի մէջ նոր պատերազմը անիրատեսական է: «Նոյնիսկ ռազմավարական յաղթանակի պարագային, այդ պատերազմին մէջ պիտի պարտուին Հարաւային Կովկասի մէջ ապրող ժողովուրդները: Խնդիրին պատերազմական լուծում չկայ», ընդգծած է Սոքոլով:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ ազրպէյճանական մամուլին մէջ միշտ կը տեսնէ այն գաղափարը, որ Լեռնային Ղարաբաղը եւ Հայաստանը նոյնը չեն: Գոյութիւն ունի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան համաձայնագիր, որուն մէջ ընդգրկուած են Ռուսիան եւ Հայաստանը: «Աստուած չընէ տագնապ ծագի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Եթէ նոյնիսկ մէկ ռումբ միջազգային իրաւունքի ենթակայի վրայ իյնայ, յարձակում պիտի նկատուի: Այդ պարագային ուժի մէջ պիտի մտնեն Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան համաձայնագիրի պայմանները», յայտարարած է Ալեքսանտր Սոքոլով:








All the contents on this site are copyrighted ©.