2014-02-04 12:39:16

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նոր էջ մը բացաւ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ


Գերապայծառ Պալտիսերիի գնահատումով` ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նոր էջ մը բացաւ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։ Ան վճռակամ կ'աշխատի բարեփոխելու Եկեղեցին ու անոր կառոյցները։
Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը` գերապայծառ Պալտիսերի մամուլին հետ ունեցած ելոյթով վերլուծած է ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան առաջին ամիսները։ Գերապայծառ Պալտիսսէրի յայտնած է թէ ''Ան գիտէ սրտերը գրաւել, բուժել մարդոց տխրութիւնն ու տառապանքը եւ ամէնուն յոյս ներշնչել։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը աղօթք կը խնդրէ եւ կը քարոզէ Աստուածային ողորմութիւնը։ Անոր խօսքը պարզ է ու բոլորէն հասկնալի։ Կառավարելու այս նոր ոճը կարող է օրինակ հանդիսանալ քաղաքացիական համայն ընկերութեան'' ըսած է գերապայծառ Պալտիսսերրի։ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.