2014-02-04 13:18:58

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 4 փետրուարի քարոզը. ''Աստուած եւս կ'ողբայ, Ան սիրտ մը ունի, նման հօր մը որ երբեք չ'ուրանար իր զաւակը''


''Աստուած եւս կ'ողբայ, անոր արտասուքը նման է հօր մը որ կը սիրէ իր զաւակը, նոյնիսկ եթէ ան անհնազանդ է։ Հայրը՝ միշտ իր զաւակին կը սպասէ''. Ըսաւ Ֆրանչիկսոս Սրբազան քահանայապետը, երեքշաբթի 4 փետրուարին, առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին, արտասանած քարոզին մէջ։
Ներշնչուելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումէն, ուր կը ներկայացուի երկու հայրերու դիմագիծերը, առաջինը՝ Դաւիթ թագաւորը որ կ'ողբայ իր անհնազանդ Սողոմոն զաւակին մահը, իսկ երկրորդը` ժողովարանի պետը որ Յիսուսէն կը խնդրէ հիւանդ աղջնակի բուժումը, Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց դրուագները՝ ըսելով. ''ահաւասիկ, ա'յս է հօր մը սիրտը որ չ'ուրացաւ իր զաւակը՝ նոյնիսկ եթէ ան անհնազանդ էր եւ պայքար մղած էր իր հօր դէմ։
Իսկ անդրադառնալով երկրոդ հօր մասին ըսաւ '' կարեւոր անձնաւորութիւն մըն էր , երբեք չ'ամչցաւ ծունկի գալու Տիրոջ առջեւ եւ Անորմէ ՝ խնդրելու բուժել իր զաւակը։
Նորին Սրբութիւնը, նկատել տուաւ մեր Աստուծոյ Հայրութիւնը , որ ամէն օր մեր դաւանական աղօթքին մէջ կ՝ըսենք ''Հայրն Ամենակալ'' , եւ հաստատեց թէ նոյնիսկ մեր ''Հայրը Աստուած կ'ողբայ'' ու մէջբերեց Յիսուսի օրինակը երբ Ան ողբաց Երուսաղէմ քաղաքին վրայ կոչելով ''Երուսաղէմ, Երուսաղէմ''....
Ֆրանչիսկոս Պապը շարունակելով իր քարոզը հաստատեց թէ ''Մեր Աստուածը՝ Հայր մըն է նման այն հօր որ օրեր շարունակ սպասեց իր անառակ որդիին դարձը։ Պէ'տք ենք նմանինք այսիպիսի Հայրութեան մը, որովհետեւ հայրը չի կրնար ինքզինք հասկնալ՝ առանց զաւակին։
Ապա եզրափակելով իր քարոզը, Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ` ''Խնդրենք Սուրբ Հոգիէն, որ մեզի սորվեցնէ կոչել` Աբբա , Հայր, որովհետեւ, զԱստուած, Հայր կոչելը՝ շնորհք մըն է''։







All the contents on this site are copyrighted ©.