2014-02-04 09:34:46

Մենք աննկատ կ՛աշխատինք Արցախի տագնապին լուծում գտնելու համար. Քերի


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ամերիկա կը շարունակէ աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին ուղղութեամբ. Կիրակի, Փետրուար 1ին, Միւնիխի մէջ կայացած ու ապահովական հարցերու նուիրուած միջազգային համաժողովին ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի:
«Աշխարհի մէջ չկայ որեւէ տեղ, ուրկէ Ամերիկա կը նահանջէ: Մենք աշխոյժ, խորապէս ու հետեւողականօրէն կ՛աշխատինք ամէն տեղ եւ մեր նպատակը իրական փոփոխութեան հասնիլն է: Կիպրոսի մէջ մենք աննկատ կ՛աշխատինք: Դուք անոր մասին չէք լսեր: Կ՛աշխատինք նաեւ Կովկասի մէջ, մասնաւորապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», ըսած է Քերի:







All the contents on this site are copyrighted ©.