2014-02-04 14:14:05

Հնդիկ գործարարները հետաքրքրուած են Հայաստանի դեղագործութեան ոլորտով


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի մէջ մեկնարկած հայ-հնդկական գործարար համաժողովին ընթացքին երկու երկիրներու դեղագործութեան ոլորտի ներկայացուցիչները սկսան քննարկումներու՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան շուրջ:
Համաժողովի բացման նիստին Հայաստանի փոխնախարար Տիգրան Յարութիւնեան ողջունեց Հայաստան ժամանած 30էն աւելի հնդիկ գործարարներն ու անոնց հայ գործընկերները՝ կարեւոր նկատելով այս ոլորտին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը: «Հայ-հնդկական յարաբերութիւնները բարձր դինամիկա ունեն: Տեղեկատուական տեխնոլոգիաների ոլորտում համագործակցութիւնն արդէն տուել է իր արդիւնքը, եւ Հայաստանում ստեղծուել է Հայ-հնդկական գերազանցութեան կենտրոնը: Դեղագործութիւնը եւս Հայաստանում համարւում է գերակայ ոլորտ, որի զարգացման համար մշակուած է պետական ծրագիր: Հայաստանի դեղագործութեան ոլորտում արդիւնաբերական աճը նախորդ տարի կազմել է շուրջ 30 տոկոս, արտահանման աճը՝ աւելի քան 27 տոկոս», յայտնած է Յարութիւնեան:
Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Հայաստանը կը պատրաստուի անդամակցելու Մաքսային միութեան եւ նշած է, որ ատիկա նոր շուկաներ կրնայ բանալ նաեւ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարող ընկերութիւններուն համար՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ ներդրումային դաշտը բարենպաստ է: «Հայաստանը հանդիսանում է լայն դարպաս դէպի Մաքսային միութեան եւ Եւրամիութեան շուկաներ», հաստատած է Յարութիւնեան:
Նշենք, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ կը գործեն հնդկական դրամագլուխով աւելի քան 20 ընկերութիւններ:
Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը 2013 թուականի Յունուար-Դեկտեմբերին կազմած է 62.1 միլիոն տոլար, որուն դէպի Հնդկաստան արտածումը՝ 193 հազար տոլար, ներմուծումը՝ շուրջ 62 միլիոն տոլար: Հայաստանէն Հնդկաստան արտածուած են հիմնականօրէն բնական քարեր կամ արհեստական մարգարիտ, թանկարժէք կամ կիսաթանկարժէք քարեր, թանկարժէք մետաղներ, միջուկային կտորներ, բժշկական եւ վիրաբուժական սարքեր:
Հնդկաստանէն Հայաստան ներածուած են միս, բնական կամ արհեստական մարգարիտ, թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարեր, թանկարժէք մետաղներ, կերպընկալէ իրեր, ծխախոտ եւ սեւ մետաղներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.