2014-02-04 09:34:58

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Ճանչցաւ եւ դատապարտեց ողջակիզումը


Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ գերմանական «Ֆոնիքս» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին դատապարտեց Ողջակիզումը եւ նշեց, որ անիկա «վայրագ սպանութեան ողբերգութիւն մըն էր, որ պէտք չէ կրկնուի»:
Նշենք, որ իրանեան նոր կառավարութիւնը բազմիցս ինքզինք հեռու պահեց Իրանի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի քաղաքականութիւններէն: Վերջինս հրապարակաւ քանի մը անգամ Ողջակիզումը ժխտած էր:
Խօսելով իր երկրին հիւլէական ծրագիրին մասին` Զարիֆ յայտնեց, որ Իրան պատրաստ է բանակցելու եւ կ՛ուզէ վերջ տալ դատարկ ոլորապտոյտին, ինչպէս նաեւ վստահութեան հաստատման համար բոլոր միջոցները օգտագործել: «Ի վերջոյ ուրիշներուն ապահովութիւնը մեր ալ ապահովութիւնը կը նկատուի», նշեց ան:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը իր երկրին հիւլէական ուժ օգտագործելու իրաւունքը ընդգծեց` նշելով, որ «լուծումներու կարելի է հասնիլ միայն համաձայնութեան գոյացման ճամբով» եւ աւելցնելով, որ «հրամաններու ենթարկուիլ պիտի չընդունինք»:







All the contents on this site are copyrighted ©.