2014-02-04 14:37:37

Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին օրագրութիւնը լոյս կը տեսնէ Լեհաստանին մէջ, լեհ Քահանայապետի սրբադասման առթիւ որ նախատեսուած է յառաջիկայ 27 ապրիլին։


Զնաք լեհական տպագրութիւնը յառաջիկայ 5 փետրուարին կը հրապարակէ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին առանձնական անտիպ օրագրութիւնը 1962-2003։
640 էջնոց հատորը լոյս կը տեսնէ լեհ Քահանայապետի սրբադասման, 27 ապրիլ 2014, հեռանկարով։ Իր կտակին մէջ Գարոլ Ոլդիլա խնդրած էր այրել այդ օրագրութիւնը, սակայն անոր անձնական քարտուղարը` կարտինալ Սդանիսլաու Չիվիչ դառնալով Գրագովիայի առաջնորդը գնահատած է որ այդ օարագրութիւնը կարող է նպաստել լաւ ըմբռնելու Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին հոգեւորութիւնը։ Օրագրութիւնը կը խօսի Աստուծոյ հետ ունեցած յարաբերութեան, կապը ուրիշներուն եւ ինքնիրեն հետ։
Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը վախճանեցաւ 2005-ին 26 տարիներու քահանայապետութեան ետք։ Ան պիտի սրբադասուի յառաջիկայ 27 ապրիլ 2014ին Հռոմի մէջ երանելի Յովհաննէս 23-րդ քահանայապետին հետ միասին (1958-1963).։ Սրբադասման արարողութեան կը նախատեսուի մասնակցութիւնը միլիոնաւոր հաւատացեալներու Յաւիտենական Քաղաքին մէջ








All the contents on this site are copyrighted ©.