2014-02-04 09:34:36

Անձնասպանական երկու յարձակումներ կը հարուածեն Լիբանանը


ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Փետրուար 3ին, հարաւային Պէյրութի Շուէյֆեթ շրջանին մէջ, իր վրայ զետեղուած ռումբերը պայթեցնելով՝ անձնասպանութեան դիմած զինեալը եւ այլ քաղաքային մը սպաննուած են: Կը կարծուի, թէ յարձակումին իսկական թիրախը դարձեալ եղած է Պէյրութի հարաւային արուարձանները, որ «Հըզպալլա»ի միջնաբերդը կը նկատուի, սակայն ռումբերը կանխահաս պայթած են: Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ, Յուլիսէն ի վեր, չորս անձնասպանական յարձակումներ տեղի ունեցած են՝ տասնեակներով զոհեր խլելով:
Միւս կողմէ, Շաբաթ երեկոյեան ուժգին պայթում մը ցնցեց Հերմելը: Պայթումը հետեւանք էր անձնասպանական գործողութեան մը եւ անոր պատճառով արձանագրուեցաւ չորս զոհ եւ 28 վիրաւոր: Պայթումը տեղի ունեցաւ վառելանիւթի կայանի մը մէջ, սակայն հրշէջները կրցան հակակշիռի տակ առնել հրդեհը եւ կանխարգիլել աւելի մեծ աղէտ մը: Անձնասպանական այս գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Սուրիոյ մէջ կառավարութեան դէմ կռուող «Ճապհաթ Նուսրա» ծայրայեղ իսլամականներու խմբակը, որ իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, թէ «ամօ՛թ է «Հըզպալլա»ին, որ երկրորդ անգամ ըլլալով թիրախ դարձաւ նման գործողութեան մը՝ փաստելով իր տկարութիւնը»:
Լիբանանի իշխանութիւնները, Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ դեսպանատուները ու ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն խստիւ դատապարտեցին Հերմելի պայթումը եւ ցաւակցութիւն յայտնեցին զոհերու հարազատներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.