2014-02-03 17:00:45

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի երկուշաբթի 3 փետրուարի քարոզը


''Դժուար պահերուն Աստուած ու Անոր ժողովուրդը՝ մի շահագործէք'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երկուշաբթի, 3 փետրուարին առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի
Ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ։
Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ
Դաւիթ թագաւորին կեցուածքը՝ իր զաւակին ՝ Սողոմոնին, գործած դաւաճանութեան հանդէպ։Դաւիթ թագաւորը փախաւ որովհետեւ իր զաւակը՝ Սողոմոն զինքը դաւաճանեց։ ''Դաւիթ թագաւորը տխուր էր'' ըսաւ Քահանայապետը որովհետեւ, իր զաւակը, ժողովուրդին հետ միասին, հակառակեցան թագաւորին։
Դաւիթ, կրնար պայքարիլ իր ժողովուրդին դէմ, բայց ան նախընտրեց չկործանել Երուսաղէմ քաղաքը։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հաստատեց թէ գեղեցիկ է՝ լսել եւ տեսնել, Դաիւթ թագաւորի կեցուացքները` մարդ մը որ զԱստուած կը սիրէ, կը սիրէ իր ժողովուրդը։ Մարդ մը որ գիտակից է թէ մեղաւոր է եւ կ'ապաշխարհէ։ Մարդ մը որ կը վստահի եւ կ՛ապաւինի իր Աստուծոյն։
Դաւիթ թագաւորը, Սուրբ է - ըսաւ Քահանյապետը եզրափակելով քարոզը -, խնդրենք անորմէ որ մեզի սորվեցնէ ինչպէս դիմագրաւել կեանքի դժուար պահերը։ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.