2014-02-03 12:26:30

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը։


Երկուշաբթի, 3 փետրուար` Տօն Սուրբ Վլաս մարտիրոս եպիսկոպոսին։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10.30-ին, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Սամոայի Նախագահ` Նորին վսեմութիւն Թույ Աթուա Թամազեզէ Էֆի, անոր կողակիցն ու իրենց ընկերացող շքախումը։ Սրբազան Քահանայապետի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Սամոայի Պետութեան ներկայացուցիչը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետքարտուղար` գերաղայծառ Փրոլինի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մամպերթիի հետ։ Հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Երկրի տնտեսական եւ ընկերային կեանքի մասին, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ տուած սատարին` Սամոայի հասարակական կեանքէն ներս, յատկապէս մարդկային կերտումի զարգացումի գծով։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային կացութեան եւ շրջանի երկիրներու միջեւ համագործակցութեան բնապահպանութեան ծիրէն ներս։

Ապա ժամը 11-ին, Սրբազան Քահանայապետը, ըդնունեց Հայր Թան Լուի Պրուկէս` Վատիկանի գրադարանապետ եւ արխիւներու պատասխանատու, որուն կ՛ընկերանար գերապայծառ Սերճօ Փականոն` Վատիկանի գաղտնի արխիւներու կառավարիչը։

ժամը 11.30-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը, ունկնդրութիւն շնորհեց Լեհաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի 20 եպիսկոպոսներէ բաղկացած, <<երկրորդ խումբի<< եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Յայտնենք որ Լեհաստանի եպիսկոպոսներու կանոնական հնգամեայ այցելութիւնները սկիզբ առին անցեալ 1 փետրուարին եւ կր տեւեն մինչեւ 8 փետրուար։Լեհաստանը ունի 312,683 քմ տարածք եւ 38,500.000 հազար բնակչութիւն, որուն մեծամասնութիւնը կաթողիկէ են` մօտ 90 առ հարիւրը։
Լեհաստանի եպիսկոպոսական համահաւք դասի նախագահն է `գերապայծառ Եոզէֆ Միքալիք, մինչ Լեհաստանի մօտ առաքելական նուիրակն է` գերապայծառ Չելեսթինօ Միլիորէ։
Լատին ծէսի պատկանող հաւատացեալներէն զատ, Լեհական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մաս կը կազմեն նաեւ, Ուքրանացի, Սլաւ եւ Հայկական ծէսի հետեւող հաւատացեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.