2014-02-03 10:33:42

Ռայի Պատրիարքը ոճիրներուն պատասխանատու նկատեց հաշտութիւնը մերժող եւ Կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող կողմերը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ցաւ յայտնեց Հերմելը թիրախ դարձուցած պայթումին եւ անոր պատճառած զոհերուն ու վիրաւորներուն համար:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ մարդկային կեանքը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը սրբութիւններ են, որոնք կը պղծուին:
«Մենք դարձեալ այս պայթումին պատասխանատու կը նկատենք քաղաքական ուժերը, որոնք չեն ընդունիր, թէ պետութիւնը քաղաքացիներուն է եւ ոչ թէ իրենց: Անոնք չեն ընդունիր, որ պետական հաստատութիւնները քաղաքացիներուն ծառայութեան համար են եւ ոչ թէ քաղաքական ուժերուն կողմէ այդ հաստատութիւններուն տիրութիւն ընելու: Պետական հաստատութիւնները անձնական եւ համայնքային շահեր ապահովելու աղբիւրի վերածելը խիստ մերժելի է», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ան շեշտեց, որ երկրին մէջ գործուող ոճիրներուն պատասխանատու են բոլոր անոնք, որոնք կը մերժեն հաշտութիւնն ու փոխըմբռնումը, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք կ՛արգելակեն կառավարութեան կազմութիւնը եւ կը սպառնան ու կը ծրագրեն անիշխանութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.