2014-02-03 10:41:46

Յիսուսի Ծննդեան տօնը տօնախմբուած է Գոնկոյի հանրավար հանրապետութեան մէկ մզկիթին մէջ. դէպք մը ''անսովոր եւ բացառիկ''


Գոնկոյի հանրավար հանրապետութեան Քինշասա մայրաքաղաքին մէջ, անցեալ 29 յունուարին, տօնախմբուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը, մասնակցութեամբ քաղաքական, դիւանագիտական ու կրօնական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու։
Տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի Ալ Ռասուլ ալ Ա'ազամ կոչուած մզկիթի մէջ, նախաձեռնութեամբ իմամ շէյխ Մունիր ֆատելի, որուն գնահատումով միաստուածեան երկու կրօներու մօտեցումը կարող է նպաստել երկրի բնակչութեան խաղաղ համակեցութեան ու համերաշխութեան։
Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով, ան հաստատած է, որ իսլամութիւնը ինչպէս քրիստոնէութիւնը կը քարոզեն եղբայրսիրութիւնը ու խաղաղութեան սատարումին աշխարհի մէջ։ Տօնախմբութեան մասնակցած են 5-7 տարեկան բազմաթիւ մանուկներ։
Վիքթոր Հատտատ` Գոնկոյի մէջ Լիբանանի հասարակութեան քարտուղարը, յայտնեց թէ. Յիսուսի ծննդեան դէպքը խաղաղութեան պատգամն է, ուղղուած բարի կամք ունեցող մարդոց։ Չար ոյժերն են որ կը ցանեն ատելութեան սերմերը մարդոց միջեւ։ Մենք պէտք է արթուն մնանք ու հսկենք որպէսզի, սատանան չկարողանայ մուտք գործել ու մեզ իրարմէ բաժնել։








All the contents on this site are copyrighted ©.