2014-02-03 12:56:59

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Աստուծոյ Հրաշագործութիւնը Կախում Ունի Մեզմէ…


Սիրելի՛ ընթերցող, «Երկրորդ հրաշքը Կանայի մէջ» վերտառութիւնն ունի այսօր կարդացուած սուրբ Աւետարանը (Յվհ. 4, 43-54):
Չորրորդ աւետարանիչ սուրբ Յովհաննէսի` «սիրոյ առաքեալ»-ին պատմած դրուագին նախաբանէն կ՛իմանանք, թէ Յիսուս եկաւ Գալիլիա` ի հեճուկս վերջին գալուն իր գաւառացիներէն համարեա մերժուած ըլլալու իրողութեան, այնքան, որ, հիասթափուած անոնց վերաբերումէն, «Ինքն իսկ վկայեց, թէ մարգարէն յարգանք չի վայելեր իր հայրենիքին մէջ»:
Մարդերէն իր մերժուած ըլլալուն մէջ իսկ, Յիսուս, միշտ եւ զանազան առիթներու, կ'ապացուցէ իր անհուն գորովն ու ներող սէրը մեզի հանդէպ:
Ատելով մեղքը, բայց խանդաղատելով մեղանչած մարդուն, որ ե՛ս եմ, դո՛ւն ես եւ ա՛ն է, Յիսուս չի փախցներ առիթն ու պահը` իր շնորհաբաշխ ողորմութիւնն արտայայտելու համար, որպէսզի մարդը ապաշխարէ եւ զղջումով դառնայ Աստուծոյ:
Հոս եւ միշտ գիտակցելու է մարդը, թէ Տիրոջ շնորհքը հո՛ն կը գործէ, ուր անհատը պատրաստ է ընդունելու յերկնուստ տրուելիք շնորհքները:
Այս երեք հաւաստիացումներուն գործօն ապացոյցը իսկոյն տուաւ Յիսուս, երբ հասաւ Կանա քաղաքը, «ուր ջուրը գինիի փոխած էր»: Այս անգամ «գալիլիացիները Զինք լաւ ընդունեցին, որովհետեւ Տօնին Երուսաղէմ գացեր եւ հոն տեսեր էին, ինչ որ Յիսուս ըրած էր», անշուշտ` հրաշքներ ու բուժումներ:
Հրաշագործին հասնելուն պէս` թագաւորին պաշտօնեաներէն մէկը խնդրեց, որ հետը իջնէ Կափառնայում եւ «իր մահամերձ որդին բուժէ»: «Տէ՛ր» Յիսուս կը հակադարձէ.«Եթէ նշաններ ու հրաշքներ չտեսնէք, երբեք չէք հաւատար»:
Այդպէս է մարդը: Այդպէս էր նոյնիսկ ընտրուած առաքեալներէն մին` Թովմաս (Յվհ. 20, 26-29): Դեռ այդպէս ենք մենք այսօր` դէպքէն երկու հազար տարիներ անց…
Սակայն Քրիստոս չուզեց եւ չ՛ուզեր ըլլալ միայն սքանչելագործ, այլ նաեւ` Վարդապետ, որ, օրինակի համար, հոս կը հասկցնէ, թէ շնորհքը, հոգին ու ճշմարտութիւնը Բերողն է, Տուիչն է Ինք:
Անցեալին ու ներկայիս մէջ Յիսուս ստէպ կը մերժէ հրաշագործել` յաճախ փորձելու, աւելի ճիշդ` արթնցնելու եւ զօրացնելու համար մեր հաւատքը, որ միշտ ըլլալու է վա՛ռ ու գործօ՛ն, եթէ կ՛ուզենք ընդունիլ մեր խնդրանքները, ինչպէս «պաշտօնեան» սրտանց թախանձեց.«Տէ՜ր, իջի՛ր որդիիս մեռնելէն առաջ»:
Հոս օրինակ կը տրուի մեզի ահաւոր անձկութեան մէջ ինկած հայրը, որ «հաւատաց` Յիսուսի խօսքին եւ մեկնեցաւ»: Բաժնուեցաւ` լիովին վստահելով ստացած պատասխանին դրականութեան.«Գնա՛, որդիդ կ՛ապրի»:
Քրիստոս, որ «սկիզբէն Բանն էր, Խօսքը, եւ Բանն Աստուած էր» (Յվհ. 1, 1), ինչպէս ալ Սէրն է, Լոյսն է, Կեանքն է, Ճշմարտութիւնն է, Ճանապարհն է ու Յաւերժութիւնն է, երբ կ՛արտաբերէ իր խօսքը, սրտէ՛ն ու մտքէ՛ն, այդ միշտ բուժարար եւ սփոփիչ է:
Քրիստոսի խօսքը անյետսկոչելի է, ուստի, թէ՛ Բանին պիտի հաւատանք եւ թէ՛ պիտի ընդունինք Անոր խօսքը, որ յարաճուն ներգործութեամբ միշտ մնայուն է, անա՜նց, նոյնիսկ եթէ երկինքը եւ երկիրն անցնին (Մտթ. 24, 35):
Յիսուսի խօսքին նախ հաւատալով` կ'ընդունինք շնորհքը մեր աղօթքին եւ ապա կը հրճուինք կատարումով մեր խնդրանքին: Այո՛, ալ համոզուելու ենք, որ Աստուծոյ հրաշագործութիւնը կախեալ է մեր գիտակից հաւատքէն:
Արքայական պաշտօնեան նախ հաւատաց եւ վստահեցաւ իրեն Հրամայողին, այլապէս չէր բաժնուեր…: Անոր ա՛յս հաւատքն ու վստահութիւնը վարձատրուեցան, քանի «մինչ դէպի քաղաքը կ՛իջնէր, ծառաները դիմաւորեցին զինք եւ ըսին անոր. «Որդիդ ողջ է»»:
Յիսուսի խօսքին ապաւինողը երբեք յուսախաբ չ՛ըլլար. հիասթափումը օտար է անոր: Իրապէս, երբ դուն կը հաւատաս Տիրոջ խօսքին, ալ չես կրնար խուսափիլ Անոր խօսքին կատարումէն: Ա՛յս է փորձառութիւնը, ա՛յս է վկայութիւնը քառասուն քահանայագործ տարիներուս` Եւրոպա, Ամերիկա եւ Միջին Արեւելք:
Յիսուսի խօսքին ապաւինողը կ՛ապրի հոգեպարար փորձառութիւնը, թէ Տէրը միշտ ոչ միայն հնազանդ է իր խօսքին ու հաւատարիմ է իր խոստումին, այլ նաեւ նախաձեռնող ու նախագործող է:
Դուն ալ կը փորձես եւ պիտի տաս նոյն վկայութիւնը Աստուծոյ վեհանձնութեան, առատաձեռնութեան ու ձեռներէցութեան, այո՛, նոյնիսկ նախայարձակ գործելակերպին մասին: Այս յատկութիւններուն մէջ դուն չես կրնար գերազանցել Արարիչդ:
Հայրը վերադարձի ճամբան էր տակաւին. անոր որդին արդէն շատոնց ապաքինած էր, քանի արդէն «երէկ, եօթներորդ ժամուն, ջերմը թողուց» հիւանդը:
Հաւատացողին համար Յիսուսի հրաշարար խօսքին արդիւնաւէտութիւնը հիմա է, անմիջապէս է եւ րոպէահաս է. «Հայրը գիտցաւ, որ ճիշդ նոյն ժամուն էր, երբ Յիսուս ըսաւ իրեն, թէ` «որդիդ կ'ապրի»»:
Բայց նաեւ Աստուածամարդուն սրտէն ու մտքէն ելած խօսքն ունի միայն իր դրական հետեւանքները կեանքիդ ընթացքին մէջ. «Հաւատաց ան` հայրը, հաւատաց նաեւ անոր ամբողջ ընտանիքը»:
Յիսուսի խօսքին նախ հաւատացող հայրը ապա ըմբոշխնեց այս ճշմարտութիւնը, թէ Տիրոջ խօսքը գործ է, արարում է, հրաշք է, որովհետեւ սէր ու մարդասիրութիւն է:
Սրտաբուխ մաղթանքս է քեզի եւ բոլորին, որ Մարիամ սուրբ Կոյսը, «Մայր հաւատոյ», հասկնալ եւ ապրիլ տա՜յ, թէ իր Որդիին խօսքին ապաւինողը կ՛արժանանայ հաւատալու նաեւ Յիսուսի գործին ու տեսնելու անոր հրաշազան արդիւնքները:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 26 յունուար 2014







All the contents on this site are copyrighted ©.