2014-02-03 10:42:43

Եկեղեցական Գիտելիքներ
Կիրակի 2 Փետրուարին, Տեառնընդառաջ է.


Այսինքն երբ Յիսուսի ծնողքը զինք կը ներկայացնեն տաճարին, քառասնօրեայ շրջանը ամբողջացնելէ ետք։ Յատկանշական է մանաւանդ հանդիպումը երկու ծերունիներուն, Սիմէոնի եւ Աննայի, որոնք` ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն` կու գան տաճար մանուկը տեսնելու, այն որ եկած է փրկելու ժողովուրդը, խոստացուած Մեսիան։
Հայ Եկեղեցին այդ օրը կը կատարէ մոմերու օրհնութիւնը։ Ժողովուրդը, այդ օրհնուած մոմերը առնելէ ետք` տուն կը տանի որպէս խորհրդանիշ հաւատքի լոյսին, որ կը լուսաւորէ ամէն քրիստոնեայ ընտանիք։ Նաեւ նոյն օրը, կամ նախորդ օրուայ իրիկունը, ըստ տեղւոյն յարմարութիւններուն, Աւագերէցը անդաստան կը կատարէ դպիրներուն հետ Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ. Անդաստանը զուտ հայկական սովորութիւն մըն է, ուր կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը, դառնալով վառուած կրակի մը շուրջը։
Պահքի մնացեալ օրերուն` Ս. Պատարագի ընթացքին կը կարդացուին յատկապէս Ս. Յակոբի ընթերցուածը, որ կը խօսի պահեցողութեան մասին, եւ Մատթէոսի աւետարանին 8-րդ գլուխը։
Երկուշաբթի 3 Փետրուարին կը տօնենք Սուրբ Վլաս Սեբաստիոյ հայրապետը. Ոմանք զինք հայ կը կարծեն ծագումով, սակայն որեւէ փաստ չկայ այդ ուղղութեամբ. Նշանաւոր եղած է իր բժշկութիւններով, մանաւանդ կոկորդի ցաւէ տառապողներուն համար։ Հալածանքներու ժամանակ, ինք եւս կը բռնուի եւ տարուելով Կեսարիա, շատ մը չարչարանքներու կ՛ենթարկուի. Կը մարտիրոսանայ 316 թուին։
Նոյն օրը կը տօնենք Ոնեսիմոս, Պօղոս առաքեալի աշակերտներէն մին, որուն մասին վկայութիւն տուած է առաքեալը, Փիլեմոնի ուղղած իր թուղթին մէջ։
Երեքշաբթի 4 Փետրուարին տօնն է Սրբուհի Եւգինէ կոյսին եւ անոր հօր Փիլիպպոսի ու մօրը Կղոդեայի, նաեւ անոնց երկու եղբայրներուն Սերգէյի ու Ապիտոնի ինչպէս նաեւ երկու ներքինիներուն։
Հինգշաբթի 6 Փետրուարին տօնն է Մարութայ եպիսկոպոսին։
Շաբաթ 8 Փետրուարին կը յիշատակենք Սուրբերու՝ Եւգինէոս, Մակարիոս, Վաղերիոս, Կանդիտոս եւ Ակիւղասի տօնը
Իսկ կիրակի 9 Փետրուարը Առաջաւորաց բարեկենդան է,







All the contents on this site are copyrighted ©.