2014-02-03 10:35:12

Անձնասպանական երկրորդ գործողութիւն մը կը հարուածէ Հերմելը


Շաբաթ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:15-ին, ուժգին պայթում մը ցնցեց Հերմելը, երբ ականուած ինքնաշարժ մը մուտք գործեց «Այթամ» պենզինի կայանը եւ հոն պայթեցաւ:
Պայթումը հետեւանք էր անձնասպանական գործողութեան, որուն պատճառով արձանագրուեցաւ չորս զոհ եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 28 ուրիշներ:
Արձանագրուած զոհերն են` Ալի Ալլաու, Իպթիսամ Մուսաուի, Իսամ Խէյրէտտին եւ Հասան Թահա, իսկ վիրաւորներուն մեծ մասը բաւական ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին` նկատի ունենալով, որ արձանագրուած են այրուածքի լուրջ պարագաներ, որոնք փոխադրուած են Պէյրութի Ժեհթաուի հիւանդանոց:
Մնացեալ բոլոր վիրաւորները փոխադրուած են Ասիի, Պաթուլի եւ Ռայեաքի հիւանդանոցները:
Այս պայթումին պարագային մտավախութիւնը այն էր, որ պայթումին պատճառով հրկիզուէին նաեւ պենզինի կայանին պատկանող վառելանիւթի շտեմարանները, սակայն հրշէջները կրցած էին հակակշիռի տակ առնել հրդեհը եւ կանխարգիլել աւելի հսկայ փորձանք մը:
Բանակը, քաղաքացիական պաշտպանութեան եւ ներքին ապահովութեան ուժերը փութացին դէպքին վայրը, ուր անոնք կատարեցին փրկարար աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ շրջափակեցին պայթումին վայրը, որպէսզի քրէական ոստիկանութեան փաստահաւաքները կատարեն իրենց աշխատանքը:
Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըրի հրահանգով դէպքին շուրջ հետաքննութիւն բացուեցաւ:
Ըստ լիբանանեան բանակին տուեալներուն, ականուած ինքնաշարժը կը պարունակէր 25-30 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ, ինչպէս նաեւ հրթիռներ եւ ձեռնառումբեր:







All the contents on this site are copyrighted ©.