2014-02-02 12:19:22

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։


''Ամէն մէկը թող ինքզինք կանչուած զգայ, սիրելու եւ ծառայելու կեանքին, ընկալելու զայն, յարգելու եւ զարգացնելու զայն, նա մանաւանդ երբ ան կարիքը ունի ուշադրութեան ու խնամքի, սաղմէն մինչեւ մահ''։

Կիրակի, 2 փետրուարի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Սրբազան Հայրը խորհրդածեց օրուան տօնին` Տեառնընդառաջի մասին։
Աստուծոյ ընծայումը կը հայի ամէն քրիստոնեայի, որովհետեւ ամէնքս Անոր նուիրուած ենք` սուրբ մկրտութեան խորհուրդի միջոցաւ։ Ամէնքս կանչուած ենք մենք մեզ նուիրելու Հօր` Յիսուսի հետ ու Անոր նման, մեր կեանքը դարձնելով վեհանձն նուիրում` մեր ընտանիքին, մեր աշխատանքին ու մեր Եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ, ինչպէս նաեւ եղբայրօգնութեան մէջ։ Այս ընծայումը յատուկ կերպով ապրուած է կրօնաւորներու, ճգնաւորներու եւ Նուրիուած աշխարհականներու կողմէ, որոնք ուխտած են ամբողջութեամբ պատկանիլ Աստուծոյ։
Եկեղեցին ու համայն աշխարհը կարօտը ունին Աստուծոյ ողորմութեան ու սիրոյ վկայութեան – ըսաւ Քահանայապետը – ու ասոր համար պէտք է երախտապարտութեամբ արժէքաւորել ''նուիրեալ կեանքը'' ու խորացնել անոր հոգեւորականութեան եւ խարիզմի գիտակցութիւնը։ Հարկ է նաեւ աղօթել` որպէսզի երիտասարդները ''այո'' պատասխանեն Տիրոջ, որ զիրենք կը կանչէ ամբողջութեամբ նուիրուելու Իրեն ու եղբայրներու անձնուրած ծառայութեան։ Ասոր համար 2015-ը ընտրեցի որպէս ''Նուիրեալ Կեանքի'' տարի – ըսաւ Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց ''տարին'' յանձնելով Աստուածամօր եւ Սուրբ Յովսէփի հովանիին, որոնք որպէս Յիսուսի ծնողք, առաջինները եղան որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին Անոր։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները, յատուկօրէն վերյիշելով նաեւ ''Կեանքի ի նպաստ'' օրուան նշումը եւ Իտալացի Եպիսկոպոսներուն միանալով հաստատեց թէ ''ամէն մէկ զաւակ, կեանքը սիրող Տիրոջ դիմագիծը ունի, եւ ընտանիքի ու ընկերութեան համար պարգեւ մըն է''։
Ամէն մէկը թող ինքզինք կանչուած զգայ, սիրելու եւ ծառայելու կեանքին, ընկալելու զայն, յարգելու եւ զարգացնելու զայն, նա մանաւանդ երբ ան կարիքը ունի ուշադրութեան ու խնամքի, սաղմէն մինչեւ մահ։
Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը աւարտելէ առաջ, Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ ողջոյն մը ուղղեց Հռոմի եւ Իտալիոյ զանազան շրջաններու բնակչութեան, որ թիրախ է, այս օրերու տեղատարափ անձրեւին ու անոր պատճառած վնասներուն, ու հրաւիրեց հաւատացեալները զօրակից ըլլալու անոնց։








All the contents on this site are copyrighted ©.