2014-02-02 11:18:25

''Տեառնընդառաջը հանդիպումի տօն է'' ըսաւ Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մէջ գլխաւորած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։


Կիրակի, 2 փետրուար 2014։ Տօնն է Տեառնընդառաջի, նոյն օրը կը նշուի նաեւ ''նուիրեալ կեանքի համաշխարհային 18րդ օրը''։
Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10-ին Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան զանազան միաբանութիւններու անդամ` կրօնաւոր եւ կրօնաւորուհիներ։
''Նուիրեալ կեանքի համաշխարհային օրը'' հաստատուած է երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի կողմէ։ Առաջին ''օրը'' նշուեցաւ 1997 թուականին։ Անոր նպատակակէտներէն է` համապատասխանել Աստուած փառաբանելու պահանջին, Եկեղեցւոյ սրբութեան ձգտող կեանքի այս շնորհքը պարգեւած ըլլալուն համար։ Միշտ աւելիով արժէքաւորել վկայութիւնն անոնց` որոնք ընտրեցին հետեւիլ Քրիստոսին, ի գործ դնելով աւետարանական թելադրանքները , ու ապա, այս օրը, պատեհ առիթ մը հանդիսանայ նորոգելու` բոլոր ''նուիրեալներու'' առաջադրանքները, որոնք ներշնչած են ու կը ներշնչեն իրենց ամբողջական նուիրումը Տիրոջ ։
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ Տեառնընդառաջի տօնը կոչուած է նաեւ հանդիպումի տօն` Յիսուսի հանդիպումը իր ժողովուրդին հետ, երբ Մարիամ ու Սուրբ Հայր Յովսէփը զայն ներկայացուցին տաճար ու հոն հանդիպեցաւ Սիմէոն եւ Աննայ ծերունիներուն հետ։ ''Այն եղաւ նաեւ հանդիպումը երիտասարդներուն` Մարիամ, Յովսէփն ու անոնց նորածինը եւ ծերունիներուն միջեւ` Սիմէոն եւ Աննան'', ըսաւ Քահանայապետը ու ապա մեկնաբանեց Ղուկաս Աւետարանիչի սուրբ գրային ընթերցումը Յիսուսի Տաճար ընծայումի մասին։
Ղուկաս կը շեշտէ թէ Մարիամն ու Յովսէփը կ՛ուզէին կատարել այն ինչ որ օրէնքը կը պահանջէ` ուրախութիւնն ունէին կատարելու Աստուծոյ հրահանգները, իսկ խօսելով ծերունիներու մասին, Ղուկաս կը յայտնէ թէ անոնք առաջնորդուած էին Սուրբ Հոգիէն։ ''Ահա հանդիպումը Սուրբ Ընտանիքին եւ Աստուծոյ ժողովուրդը ներկայացնող այս երկու ծերունիներուն միջեւ'', ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ այս հանդիպումի կեդրոնը կայ Յիսուս։ ''Ան է որ մղիչ ուժն է ամէն բանի, Ան է որ ամէնքը կը հրաւիրէ տաճար, իր Հօր տունը'', հաստատեց Քահանայապետը ու հրաւիրեց հաւատացեալները ''այս աւետարանական հանդիպումի լոյսին տակ ''Նուիրեալ կեանքին'' նայելու որպէս Քրիստոսի հետ հանդիպում։
Ան մեզի կու գայ Մարիամի եւ Յովսէփի հետ ու մենք կ՛ընթառաջենք Անոր` Սուրբ Հոգւոյն առաջնորդութեամբ, սակայն Ինք կը մնայ կեդրոնը ամէն բանի։
''Նուիրեալ կեանքին'' մէջ կ՛ապրուի նաեւ երիտասարդներու եւ տարեցներու միջեւ հանդիպումը։ Իրար հակազդող իրողութիւններ չեն։ Սուրբ Հոգին է որ կ՛ոգեւորէ մէկն ու միւսը։ Տարեցները իմաստութիւն կը փոխանցեն երիտասարդներուն։ Երիտասարդներուն կ՛իյնայ այս փորձառութեան եւ իմաստութեան ժառանգութիւնը յառաջ տանիլ, իրենց կրօնաւորական ընտանիքներու եւ համայն Եկեղեցւոյ բարիքին համար'' - Ըսաւ Քահնայապետը ու քարոզը եզրափակեց մաղթելով որ այս հանդիպումի խորհուրդի շնորհքը լուսաւորէ եւ խարախուսէ մեզ մեր ուղեւորութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.