2014-02-01 10:21:52

Տեառընդառաջ, Ղուկ. 2, 22-39


RealAudioMP3 Ղուկասի աւետարանի այս հատուածին մէջ բացայայտ կ՛երեւին երկու խորհուրդներ, որոնք բովանդակուած են այսօրուայ հանդիսութեան հետ: Մին կը վերաբերի Նորածին Յիսուսի եւ կը յորջորջուի Տեառնդառաջ` կամ անոր համար որ Սիմոն Ծերունին եւ Աննա մարգարուհին Յիսուսի առջեւ ելան, կամ ալ որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս իր ծնողաց ձեռքով ` Հօր Աստուծոյ ընծայուեցաւ տաճարին մէջ: Իսկ երկրորդ խորհուրդը կը հայի Ս. Կուսին եւ կ՛անուանուի տօն Սրբութեան կամ տօն Մաքրագործութեան:
Այսօրուան հանդիսութիւնը լաւ ըմբռնելու համար, հարկ է նախ եւ առաջ տեսնել թէ Աստուած Մովսէսի միջոցաւ ի՞նչ պատուիրած էր հրեայ ժողովուրդին:
Ղեւտականի գիրքին մէջ կը կարդանք հետեւեալ օրէնքը որդեծին մայրերու մասին. իւրաքանչիւր մայր որ մանչ զաւակ աշխարհ կը բերէ` 40 օր պիղծ կը նկատուի, իսկ եթէ աղջիկ` 80 օր: Հետեւաբար, հարկ էր որ անոնք տաճար երթային մաքրագործման ու սրբութեան համար, եւ վկայութեան խորանին դրան առջեւ քահանային նուիրէին մէկ տարեկան գառնուկ մը իբր ողջակէզ, եւ աղաւնի մը կամ տատրակ (վայրի աղաւնի) որպէս հատուցում իրենց մեղքերուն: Իսկ չքաւոր մայրերը պարտական էին զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի ձագ մը նուիրել իբր ողջակէզ եւ մեղքերու քաւութիւն:
Ահաւասիկ ուրեմն ծիսակատարութիւնը, զոր մաքրամաքուր եւ ամենասուրբ Կոյսը այսօր կատարեց Երուսաղէմի տաճարին մէջ: Արդեօք Մարիամ պարտաւո՞ր էր հնազանդելու եւ ենթարկուելու Մովսէսի օրէնքին: Ո՛չ եւ հազար ո՛չ: Բայց ինչպէս պիտի ըսէ Սուրբ Օգոստինոս. «խոնարհութիւնը եւ հնազանդութիւնը օրէնքին ներքրաւեց զԻնք»: Եւ ահաւասիկ Սուրբ Կոյսը, Կոյս Կուսանաց, ծնրադրած ապաշխարողի կերպարանքով խոնարհաբար կը միանայ մեղապարտ կիներու խումբին: Աղքատ եւ չքաւոր մայրերու նման, ինքն ալ տաճարին կը նուիրէ զոյգ մը աղաւնիներ իր Անդրանիկ Որդւոյն համար: Սակայն աղաւնիէն աւելի, ան գիտակցաբար եւ յօժարակամ իր ծոցի կատարեալ պտուղը նուիրեց: Իր Միածինը, իր միակ Սիրելին նուիրեց որպէս ողջակէզ, զոհ եւ օծեալ, գառն եւ երկնաւոր հաց, քահանայապետ եւ պատարագ:
Բազամաթիւ են հոգեւոր պտուղմները, զորս կրնանք քաղել այսօրուայ հանդիսութենէն: Բայց մեզի համար բաւ է այսօր կենանք մաքրագործութեան զուտ գաղափարին վրայ:
Բոլորս կարօտ ենք մաքրութեան եւ մաքրագործման:Մարմնոյ մաքրութիւնը կարեւոր է եւ սակայն կեանքի մէջ յոյժ կարեւոր մաքրութիւններ կան. ներքին հոգւոյ մաքրութիւնը, որ արտաքինին արտացոլացումն է նաեւ: Մաքուր սրտի պէտք ունինք, որպէսզի կարենանք մարդիկը սիրել մեր անձերուն նման: Մաքուր կենցաղի պէտք ունինք, որպէսզի կարենանք մարդոց հոգիները դարմանել եւ խնամել: Մաքուր լեզուի պէտք ունինք որպէսզի չբամբասենք, չի չարախօսենք եւ չզրպարտենք մարդիկը, այլ կարենանք անուշ խօսքերով զիրենք հրապուրել եւ հիմնականօրէն զԱստուած փառափանել: «Որ որ լեզուն գիտէ սանձահարել, ան կատարեալ մարդ է», կ՛ըսէ սուրբ Յակոբոս առաքեալը:
Մեր խորհուրդները, մեր մտածուները, մեր դատումները եւ դիտաւորութիւնները մաքրենք: Չանանք միշտ մեր մերձաւորին մէջ մաքուրը, լաւը , դրականը եւ սուրբը տեսնել: Յիսուս ինքզինք բոլորանուէր կը մատուցուի մեզի այսօր, այս հանդիսութեան մէջ: Մենք ալ ի նշան երախտագիտութեան նուիրենք իրեն մեր սրտերը, որովհետեւ Իրեն համար ամենահաճելի նուէրն է ան: Թո՛ղ գայ եւ թագաւորէ մեր սրտերուն վրայ, եւ մեր մէջէն հեռացնէ ոխակալութեան, նախանձի, ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան վատ զգացումները եւ ատոնց փոխարեն տայ մեզի սիրոյ, ողորմութեան, գնահատանքի, համեստութեան եւ ներողամտութեան զգացումներ: Թո՛ղ Սաղմոսերգուիին խօսքերը մեր շրթներուն վրայ մշտապէս հնչեն ըսելով.
« Առաւել լուա զիս յանօրէնութենէ իմմէ. եւ ի մեղաց իմոց սուրբ արա զիս»:







All the contents on this site are copyrighted ©.