2014-02-01 10:21:48

Կիրակի օրուայ Աւետարանի ընթերցում
Ղուկ. 2, 22-39


RealAudioMP3 22 Երբ *անոնց մաքրութեան օրերը լրացան` Մովսէսի Օրէնքին համաձայն, Երուսաղէմ **տարին զայն` Տէրոջ ներկայացնելու,
23 (ինչպէս գրուած է Տէրոջ Օրէնքին մէջ. «Ամէն արու որ արգանդ կը բանայ` պիտի կոչուի “Տէրոջ սրբացած”»,)
24 ու Տէրոջ Օրէնքին մէջ ըսուածին համաձայն զոհ մը ընծայելու` զոյգ մը տատրակ, կամ աղաւնիի երկու ձագ:
25 *Այդ ատեն`` Երուսաղէմի մէջ մարդ մը կար, որուն անունը Սիմէոն էր: Ան արդար եւ բարեպաշտ էր, Իսրայէլի մխիթարութեան կը սպասէր, ու Սուրբ Հոգին անոր վրայ էր:
26 Ան պատգամ ստացած էր Սուրբ Հոգիէն թէ մահ պիտի չտեսնէր` մինչեւ որ տեսնէր Տէրոջ *Օծեալը:
27 Ան ալ` [առաջնորդուելով] Հոգիէն` եկաւ տաճարը. ու երբ ծնողները բերին Յիսուս մանուկը` որպէսզի Օրէնքին սովորութեան համաձայն կատարեն անոր համար,
28 ինք ալ առաւ զայն իր գիրկը, օրհնեց Աստուած եւ ըսաւ.
29 «Հիմա, *Տէ՛ր, արձակէ՛ **ծառադ խաղաղութեամբ` քու խօսքիդ համաձայն.
30 որովհետեւ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ`
31 որ պատրաստեցիր բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ,
32 լոյս մը` հեթանոսները լուսաւորելու, ու փառք` Իսրայէլի, քու ժողովուրդիդ»:
33 Յովսէփ եւ անոր մայրը զարմացած էին այն բաներուն վրայ` որ կը խօսուէին անոր մասին:
34 Սիմէոն օրհնեց զանոնք, եւ ըսաւ անոր մօր` Մարիամի. «Ահա՛ այս [մանուկը] սահմանուած է շատ մարդոց իյնալուն ու ելլելուն համար` Իսրայէլի մէջ, եւ հակաճառութեան նշան մը ըլլալու համար.
35 (եւ քու *սիրտիդ **մէջէն ալ թուր մը պիտի անցնի``.) որպէսզի շատ սիրտերու մտածումները յայտնուին»:
36 Նաեւ [հոն] էր Աննա մարգարէուհին, Փանուէլի աղջիկը, Ասերի տոհմէն: Ան յառաջացած տարիք ունէր. ամուսինին հետ եօթը տարի ապրած էր իր կուսութենէն ետք,
37 ու այրի էր` գրեթէ ութսունչորս տարեկան: Ան չէր հեռանար տաճարէն, հապա ծոմով եւ աղերսանքով կը պաշտէր [Աստուած`] գիշեր ու ցերեկ:
38 Այդ նոյն պահուն ան եկաւ, ներբողեց Տէրը, եւ խօսեցաւ անոր մասին բոլոր անոնց` որ Երուսաղէմի մէջ կը սպասէին ազատագրութեան:
39 Երբ գործադրեցին ամէն բան` Տէրոջ Օրէնքին համաձայն, վերադարձան Գալիլեա, իրենց Նազարէթ քաղաքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.