2014-02-01 09:55:54

''Կեանքի ի նպաստ'' 36-րդ՝ օր Իտալիոյ մէջ։


Կիրակի, 2 փետրուարին, կեանքի 36-րդ օրուայ առթիւ, Իտալիոյ Եպիսկոպոսական հաամահաւաք դասի եւ Հռոմի թեմի համալսարականներու հովութեան գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, առաւօտեան ժամը 10,30 ին, Գերապայծառ Լորէնցօ Լէուցցի, Հռոմի Սանթա Մարիա ին Թրասբոնթինա ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ, կը մատուցէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատրարգ մասնակցութեամբ ''Տոն Պոսկոյի'' համալսարականներու եւ երիտասարդներու երգչախումբին։
Յաւարտ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին, արարողութեան մասնակցողները, առաջնորդութեամբ՝ Հռոմի թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ակոսթինօ Վալլինիի, կ'ուղղուին Սուրբ Պետրոսի հրապարկը մասնակցելու, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.