2014-02-01 08:58:52

Կաթողիկէ Եկեղեցին 2015-ը հռչակած է ''կրօնաւորական կեանքի նուիրեալ անձերուն'' տարի` մամլոյ ներկայացում։


Ուրբաթ, 31 յունուար 2014, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ, Կարտինալ Տէ Ավիզ` կառավարիչը կրօնաւորական միաբանութիւններու ժողովի, ներկայացումը կատարեց ''2015 կրօնաւորական կեանքի նուիրեալ անձերու'' տարւոյն։ Ան իր զեկոյցին մէջ ըսաւ. ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, անցեալ 29 նոյեմբերին, կրօնաւորական միաբանութիւններու մեծաւորներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, յայտնեց իր կամքը 2015 տարին յատկացնելու ''կրօնաւորական կեանքի նուիրեալ անձերուն''։
Այս տարւոյն կէտնպատակներն են. վերապրիլ Տիեզերական ժողովի կրօնաւորական միաբանութիւններու հայող վաւերաթուղթին ոգին, որ է ''հաւատարմութիւն Տիրոջ, Եկեղեցւոյ ու միաբանութեան''։ Ասիկա բարեպատեհ առիթ մըն է համոզումով ապրելու վաւերաթուղթի ցուցմունքները ու յոյսով դիտելու եւ ապրիլու ապագան։
2015-ին '' նուիրեալ անձերը'' կանչուած են վերաւետարանացումի եւ վկայութիւն տալու` Յիսուսի հետեւելու իրենց կոչումին, ու իրենց կոչումին ապրումով հրաւիրելու աշխարհը Քրիստոսը ճանչնալու։
Կրօնաւորական միաբանութիւններու ժողովի քարտուղարը գերապայծառ Գարպալլօ իր կարգին յայտնեց, որ կրօնաւորական կեանքի նուիրեալ անձերու տարին սկիզբ պիտի առնէ յառաջիկայ հոկտեմբեր 2014-ին եւ պիտի փակուի նոյեմբեր 2015-ին, որուն ընթացքին նախատեսուած են հետեւեալ արարողութիւնները.
- Տարւոյն բացումն ու փակումը պիտի կատարուին հանդիսաւոր պատարագով, ս. Պետրոս տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։
- Լիանիստ գումար մը կրօնաւորական միաբանութիւններու ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ նոյեմբեր 2014-ին, մեկնելով Յիսուսի խօսքէն ''նոր գինի նոր թակոյքներու մէջ'' եւ որուն բնաբանը պիտի ըլլայ ''նորութիւնը նուիրեալ կեանքին մէջ, Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովէն սկսեալ''։
- Միջազգային զանազան հանդիպումներ Հռոմի մէջ, ի մէջ այլոց նախատեսուած է հանդիպում երիտասարդ կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներու միջեւ։ Հանդիպում կազմաւորիչներու միջեւ։ Նուիրեալ կեանքի աստուածաբանութեան միջազգային գիտաժողով։ Միջազգային ցուցահանդէս նուիրեալ կեանքի` ''Աւետարանը մարդկային պատմութեան ընդմէջէն'' խորագիրով։
Հուսկ գերապայծառ Գարպալլօ իր միջամտութիւնը եզրափակեց ըսելով. կրօնաւորական միաբանութիւններու ժողովը մտադիր է այս փետրուար ամիսէն սկսեալ, ամէն չորս ամիս, շրջաբերական նամակ մը հրապարակել կրօնաւորական կեանքի նուիրուած նիւթի մը մասին։ Առաջին նամակը լոյս պիտի տեսնէ 2 փետրուարին` նուիրեալ կեանքի համաշխարհային օրուան առթիւ, ունենալով որպէս նիւթ. ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ուսուցումը հայող անձինք նուիրեալներուն ''Ուրախացէք'' վերտառութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.