2014-01-31 10:12:02

Ժընեւի մէջ. Սուրիոյ կառավարական եւ ընդդիմադիր պատուիրակութեանց Իպրահիմիի հետ ունենալիք գիշերային հանդիպումները ջնջուեցան


Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիէն աղբիւր մը ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի Սուրիոյ կառավարական եւ ընդդիմադիր պատուիրակութեանց հետ երէկ երեկոյեան նախատեսուած հանդիպումները ջնջուած են:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մուն նախապէս յայտնած էր, որ Ժընեւի բանակցութիւնները յառաջխաղացք արձանագրած են` վստահեցնելով, որ բանակցութեանց առաջին փուլը պիտի աւարտի այսօր:
«Նաշրա» կայքէջը հաղորդեց, որ Սուրիոյ կառավարական պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հաղորդագրութեան նախագիծ մը, որ հիմնուած է «Ժընեւ-1»-ի հաղորդագրութեան վրայ, սակայն ընդդիմադիր պատուիրակութիւնը զայն մերժած է:
Նախագիծը հիմնուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը թիւ 1373 եւ 1267 որոշումներուն վրայ, որոնք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին համար միջազգային համագործակցութեան եւ ահաբեկչութեան բոլոր ձեւերով դէմ դնելու կարեւորութիւնը կը շեշտեն:
Կառավարական պատուիրակութեան ներկայացուցած բանաձեւը նաեւ ահաբեկիչներու զէնքի մատակարարումն ու ֆինանսաւորումը դադրեցնելու աշխատանք տանելու կոչ կ՛ուղղէ:
Կառավարական պատուիրակութիւնը յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հաղորդագրութեան մերժումը յստակ փաստ մըն է, որ ընդդիմութիւնը ահաբեկչութեան կը զօրակցի եւ սուրիացի ժողովուրդի ձգտումներուն հակառակ կ՛ընթանայ:
Իպրահիմի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «վաղը առաւօտեան մեր վերջին նիստը պիտի ըլլայ»` աւելցնելով, որ «յառաջիկայ նիստերուն հետագային պիտի պատրաստուինք»:
Ան նշեց, որ երէկուան նիստին ընթացքին երկու պատուիրակութեանց կեցուածքներուն մէջ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած:







All the contents on this site are copyrighted ©.