2014-01-31 10:12:44

«Առեւանգուած եպիսկոպոսներուն հարցով նորութիւն չկայ, իսկ Մաալուլայի մայրապետներուն թղթածրարին բարի աւարտ մը կը սպասէ» շեշտեց Եազիժի Պատրիարքը


Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ աւարտեց Մոսկուա իր կատարած այցելութիւնը եւ վերադարձաւ Լիբանան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Եազիժի պատրիարքը շեշտեց, որ Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներուն մասին ոչ մէկ նորութիւն կայ` աւելցնելով սակայն, որ Մաալուլայի մայրապետներուն թղթածրարին բարի աւարտ մը կը սպասէ:
Եազիժի պատրիարքը մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման առումով դրական բան մը արձանագրուի:
Կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Եազիժի պատրիարքը յայտնեց, որ յոյն ուղղափառ համայնքին պահանջները իրենց եւ բոլոր լիբանանցիներուն պահանջներն են: «Մենք պէտք է անանձնական մօտեցում ցուցաբերենք, մտածենք Լիբանանի գերագոյն շահերուն մասին եւ կազմենք կառավարութիւն մը, որպէսզի երկիրը անիշխանութեան չմատնուի», շեշտեց Եազիժի պատրիարքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.