2014-01-31 10:11:44

«21-րդ դարու բոլոր տագնապներուն պատճառը կրօնական ծայրայեղականութիւնն է» ըսաւ Թոնի Պլեր։


Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլեր «Օպզըրվըր» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը նշէ, որ «ներկայ դարուս աշխարհի վրայ զինեալ տագնապներուն գլխաւոր պատճառը աշխարհի վրայ կրօնական ծայրայեղականութեան ալիքի բարձրացումն է»:
Պլեր կը յայտնէ, որ «Սուրիոյ, Նիկերիոյ եւ Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապներուն գլխաւոր դրդապատճառը կրօնական ծայրայեղականութիւնն է»` աւելցնելով, որ «աշխարհը ականատես կը դառնայ գաղափարախօսութեան շուրջ տագնապներէն անցում նախ եւ առաջ դէպի կրօնամշակութային տագնապներ»:
Պլեր կը պաշտպանէ շարք մը երկիրներու մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման համար զինուորական միջամտութեան քաղաքականութիւնը` նշելով, որ «բռնատիրական կարգ մը վարչակարգեր փոխելու համար զինուորական միջամտութիւնը պէտք է կատարուի իւրաքանչիւր երկրի կրօնական ու մշակութային ենթահողը հաշուի առնելով»:
Բրիտանիոյ նախկին վարչապետը կը շեշտէ, որ «անցեալ տասնամեակին ընթացքին խնդիրը միայն առանց հեռացումէն ետք ստեղծուելիք հետեւանքները նկատի ունենալու զինուորական միջամտութեան մէջ էր, եւ զինուորական միջամտութեանց փորձերուն մեծամասնութիւնը ահաբեկչական խմբաւորումներու կազմաւորման եւ ծայրայեղական մտածողութեան աճի նպաստող ենթահող ստեղծեց»:








All the contents on this site are copyrighted ©.