2014-01-30 14:50:28

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը ուղղուած Քէպէքի ''Իլ Վէրդ'' շրջանի ծերանոցի հրդեհի զոհերուն ընտանեկան պարագաներուն ։


Քէպէքի եպիսկոպոսական համահաւք դասը, 29 յունուարին, համահաւաք դասի կայքի վրայ հրատարակած է Վատիկանի Պետական քարտուղար` գերապայծառ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ցաւակցական մէկ նամակը՝ ուղղուած անցեալ 22 յունուարին, Քանատայի Քէպէք քաղաքին մէջ գտնուող
ծերանոցի մէջ պատահած ուժգին հրդեհի զոհերու ընտանեկան պարագաներուն եւ վիրաւորներուն։
Իր պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձած է ահաւոր աղէտին, որ պատճառած է բազմաթիւ մեռեալներ եւ վիրաւորներ, իր մօտիկութիւնը եւ աղօթքները յայտնած է զոհերու ընտանեկան պարագաներուն եւ վիրաւորներուն, ինչպէս նաեւ՝ երախտագիտական խօսք ուղղած է՝ կամաւորներուն եւ հրշէջներուն՝ ընծայած օգնութիւններուն եւ աշխատանքին համար։
Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամի աւարտին , բոլորին ջամբած է յատուկ
առաքելական օրհնութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.