2014-01-30 10:02:23

Հայաստան կ՛ակնկալէ Իտալական զօրախումբի կազմին մէջ խաղաղապահներ ուղարկել լիբանան


Կ՛ակնկալուի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղարար ուժերու կազմին մէջ իտալական զօրախումբի կազմին մէջ Լիբանան գործուղել մէկ հայկական դասակ, որուն առնչութեամբ ՄԱԿ տուած է իր համաձայնութիւնը, իսկ իտալական կողմին հետ առաքելութեան մանրամասնութիւնները կը գտնուին համաձայնեցման վերջնական հանգրուանին մէջ: Այդ մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` երէկ ընդունելով Հայաստանի մէջ Իտալիոյ նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճովաննի Ռիչուլին եւ նոր նշանակուած զինուորական կցորդ, զօր. Ճովաննի Արմենթանին (նստավայրը` Մոսկուա):
Նախարարը յոյս յայտնեց, որ հայ-իտալական զինուորական համագործակցութիւնը շարունակէ մօտիկ ապագային նոր ձեռքբերումներ արձանագրել:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ իտալական կողմը նշած է, որ Իտալիոյ զինեալ ուժերը տեղեակ են հայ խաղաղապահներու մասնագիտական պատրաստուածութեան ու փորձառութեան մասին եւ կ՛ակնկալեն միացեալ առաքելութեան սկսիլ մօտ ապագային: Այս առաքելութիւնը նոր խթան կը հանդիսանայ այլ մարզերու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.