2014-01-30 15:00:18

''Առանց Եկեղեցիի, Քրիստոնեայ մը անհասկնալի է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր այսօրուայ քարոզին մէջ։


''Հեզութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ Եկեղեցւոյ համար աղօթքը'' Քրիստոնեայի մը Եկեղեցւոյ պատկանելիութեան սիւները կը կազմեն - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, հինգշաբթի, 30 յունուարի առաւօտեան մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, հաստատելով թէ ''առանց Եկեղեցիի մը Քրիստոնեայ մը անհասկնալի է''։
Աւետարանական պատգամը` մեզի տրուած է Եկեղեցւոյ միջոցաւ ու մեր սրբութիւնը կ՛իրականանայ Եկեղեցեւոյ մէջ եւ ինչպէս կ՛ըսէր Պօղոս Զ ''երկճիւղում է սիրել Քրիստոսը առանց Եկեղեցւոյ։ Ունկնդրել Քրիստոսը եւ ոչ Եկեղեցին, ըլլալ Քրիստոսի հետ եւ Եկեղեցիէն հեռու'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա անդրադարձաւ Եկեղեցւոյ անդամակցութեան սիւներու մասին, որոնք են ''հեզութիւնը, հաւատարմութիւնն ու Եկեղեցւոյ համար աղօթքը''։
Անձ մը եթէ հեզ ու խոնրահ չէ չի կրնար Եկեղեցւոյ նման մտածել, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ու ապա խօսեցաւ հաւատարմութեան արաքինութեան մասին` ''Հաւատարմութիւն Եկեղեցւոյ, անոր ուսուցումին, Հաւատամքին եւ վարդապետութեան։ Իսկ երրորդ սիւնը յատուկ սպասարկութիւն մըն է – յարեց Ֆարնչիսկոս Պապը - ''աղօթել Եկեղեցւող համար''։ Ամէն օր աղօթելու ենք Եկեղեցւոյ համար, համայն Եկեղեցւոյ։ ''Թող Տէրը օգնէ մեզ ընթանալու այս ճանապարհով, խորացնելու համար մեր Եկեղեցւոյ պատկանելիութիւնը ու մեր Եկեղեցւոյ հետ միութիւնը'' եզրափակեց Սրբազան Հայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.