2014-01-29 09:37:45

Մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու կրօնական կեանքի նուիրուած՝ 2015 տարին


Ուրբաթ, 31 յունուարին, առաւօտեան ժամը 11,30 ին , Սուրբ Աթոռի
Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, տեղի կ'ունենայ մամլոյ ասուլիս,
որուն ընթացքին կը ներկայացուի Կրօնաւորական կեանքի նուրիրուած 2015-ի յոբելինական տարին։
Մամլոյ Ասուլիսը կը ներկայացնեն ''Կրօնաւորական կեանքի հաստատութիւններու եւ առաքելական կեանքի ընկերութեան ժողովի կառավարիչ՝ Կաrտինալ Ժուաու Պրազ
Տէ Ավիւ եւ վերոյիշեալ ժողովին քարտուղարը ՝ գերապայծառ Խօսէ Ռոտրիկէզ Քարպալլօ։
Յայտնենք որ յառաջիկայ Կիրակի 2 փետրուարին Տեառնընդարաջի տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ, ''Նուիրեալ կեանքի'' օրուայ առթիւ, պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.