2014-01-29 14:18:24

Լաւագոյն սնունդի ցանկին մէջ Հայաստան 57րդ Է։


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստան կը գրաւէ 57րդ դիրքը՝ «Օքսֆամ»ի կողմէ պատրաստուած աշխարհի ամէնէն սննդարար, առողջ եւ բազմազան սննդամթերքի վարկանշային ցանկին մէջ, ուր կան 125 երկիրներ։
Ըստ «Կուտ ինաֆ թու իթ. Տը ֆուտ ինտեքս»ին՝ Հայաստանի մէջ լաւագոյնը սնունդի քանակն է, ամէնէն վատը՝ անոր օգտակարութիւնը:
Այս ցուցակին մէջ Հայաստան շրջանցած է գրեթէ իր բոլոր դրացիները: Այսպէս, Թուրքիան 77րդ է, Իրանը՝ 8րդ, իսկ Ատրպէյճանը՝ 91րդ: Վրաստանի վերաբերող տուեալ չկայ, իսկ Ռուսիան 44րդ է:
Վարկանիշի առաջատարներն է Հոլանտան, որ Զուիցերիայէն եւ Ֆրանսայէն աւելի առջեւ անցած է: Նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներն ու Ճափոնը առաջին 20 երկիրներուն մէջ չեն։
Միացեալ Նահանգներու ցած վարկանիշը առնչուած է անով, որ երկիրին մէջ շատ են ճարպակալութեամբ եւ շաքարախտով հիւանդները՝ հակառակ սննդամթերքի հասանելիութեան եւ բարձր որակին: Ճափոնի մէջ ալ սննդամթերքը սուղ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.