2014-01-29 12:20:54

Դրական մթնոլորտ կը տիրէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին շուրջ. Բագրատունի


ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Երկուշաբթի, Յունուար 27ին, «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւններուն: «Պէտք չէ մոռնալ, որ երբ Թամմամ Սալամ վարչապետ նշանակուեցաւ, ան կառավարութեան կազմութեան գծով որոշ պայմաններ ունէր, եւ այդ պայմաններուն մաս կը կազմէին նաեւ «Մարտ 14» քաղաքական ուժերուն պայմանները, որոնցմէ առաջինն էր չէզոք կառավարութեան կազմութիւն, չէզոք նախարարներ: Երկրորդ պայմանը՝ հերթագայութեան սկզբունքն ու ընդվզեցնող նախարարներ չնշանակելու պայմանն էր», ըսաւ ան:
Պատասխանելով «Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում» համախմբումի նախագահ Միշել Աունի պահանջներուն ակնարկող հարցումի մը՝ Բագրատունի շեշտեց, որ Աունի պահանջները հիմնուած են քրիստոնեայ համայնքի ներկայացուցչութեան սկզբունքին վրայ: Պէտք է յիշել եւ յիշեցնել, որ զօր. Աունի պահանջներուն հիման վրայ է որ քրիստոնեայ համայնքը վերսկսաւ ներկայացուելու ուժային նախարարութիւններուն ընդմէջէն:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կան շարք մը տագնապներ, որոնք հետեւանք են անպարկեշտութեան: «Ճիշդ է, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ճիգերով կարելի եղաւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դրական հունի մէջ դնել, սակայն Պըրրի շեշտեց, որ «Մարտ 8» քաղաքական ուժերուն մաս կազմող կողմերը իրե՛նք է որ կը բանակցին իրենց իրաւունքներուն շուրջ: Աուն միշտ ալ պահանջած է քրիստոնեայ համայնքին դերակատարութիւն վստահիլ: Պահանջուածը խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ մեծագոյն երեսփոխանական պլոքին ուժային նախարարութեան մը յանձնումն է», շեշտեց Բագրատունի:
Ան վերահաստատեց, որ ՀՅԴին եւ Աունի «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութեան միջեւ դաշինքը հաստատ կը մնայ՝ աւելցնելով, որ նշանակեալ վարչապետին հետ եւս բարեկամական կապեր կան: «Մենք քաղաքական այլ ուժերու հետ կապի մէջ ենք եւ խորհրդակցած ենք Թամմամ Սալամի, զօր. Աունի, «Ամալ» շարժումին, «Հըզպալլա»ի, «Մարատա» հոսանքին եւ նախագահական պալատին հետ: Մեզի ոչ ոք օժանդակելու պարտականութիւն տուած է, սակայն երբ մենք նշմարենք, թէ որոշ տեղեր աջակցելու կարողութիւնն ունինք, մեր ներդրումը կ՛ունենանք», յայտնեց ան՝ պնդելով, որ տակաւին դրական մթնոլորտ կը տիրէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին շուրջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.