Սպանիոյ Թոլէտօ քաղաքին մէջ, երկուշաբթի, 27 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 5,00 ին, նշուեցաւ`
''Սանթա Մարիա' Տէ Թոլէտօ'' Ռատիոկայանի հիմնարկութեան 20-րդ ամեակը, ինչպէս նաեւ Թոլէտօ
թեմին պատկանող հեռուստակայանի հիմնարկութեան 25-րդ ամեակը։ Այս առթիւ, ''Սանթա Մարիա''
Ռատիոկայանին հիմնարկը, շքանշաններով պատուեց զանազան հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ,
որոնց շարքին` Սուրբ Աթոռի բանբեր եւ Ռատիօ Վատիկանի ընդհանուր տնօրէն՝ Հայր ֆետերիքօ
Լոմպարտին, այս տարիներու ընթացքին, անոր ընծայած ծառայութիւններուն որպէս երախտագիտութեան
նշան։ Այս առթիւ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայր Լոմպարտիի ելոյթը ''երեք քահանայապետներու
ի սպաս հաղորդակցական ծառայութեան'' մասին։ Վերոյիշեալ տօնակատարութեան ընթացքին
պարգեւատրուեցան նաեւ` Սանթա Մարիա Ռատիոկայանի եւ թեմական հեռուստակայանի հիմնադիրները՝
Թոլէտօ թեմի Արքեպիսկոպոս՝ Կարտինալ Մարչէլլօ Կոնզալէզ Մարդինի (յետ մահու) եւ թեմի՝
երբեմնի արքեպիկոպոս Ալվարէզ Մարթինէզ, ինչպէս նաեւ ռատիոկայանի դասական երաժշտութեան
յատագիրի տնօրէն` Հայր Յէզուս Մարիա Հուէթօ։