2014-01-28 10:58:23

Մալեզիայի մահմետականները երկու ռումբ պայթեցուցած են կաթողիկէ եկեղեցւոյ մը դէմ` լարուածութեան աճում քրիտոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ։


Մալեզիայի եկեղեցիներու պատասխանատուները հրաւիրած են իրենց հաւատացեալները խաղաղ կեցուածք ունենալ յետ երկու ռումբի պայթումին, կաթողիկէ եկեղեցւոյ դէմ, Բենանկ քաղաքին մէջ։ Քաղաքական պատասխանատուները իրենց կարգին եւս զգուշացուցած են բնակչութիւնը իսլամ-քրիստոնեայ լարուածութեան աճումի հետեւանքներէն։
Յայտնենք որ Մալեզիայի մէջ կը տիրէ սուր լարուածութիւն մը իսլամ-քրիստոնեայ հասարակութիւններու միջեւ։ Կառավարութիւնը վերջերս արգիլած է քրիստոնեաներուն ''Ալլահ'' բառին գործածութիւնը զայն վերապահելով միմիայն մահմետականներուն ։ Մալեզիայի քրիստոնեայ դաշնակցութիւնը ահաբեկչական արարքին հակազդեց հրաւիրելով քրիստոնեաները չկորսնցնելու իրենց անդորրութիւնը եւ որդեգրելու ''իմաստուն ու չափաւոր'' կեցուածք մը։ Նշենք որ Մալեզիայի քրիստոնեաները կը ներկայացնեն բնակչութեան 9 տոկոսը իսկ մահմետականները 60 տոկոսը 28 միլիոն բնակչութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.