Եգիպտոսի զինուորական խորհուրդը Սիսիի նախագահութեան թեկնածու ներկայանալուն համաձայն
է
Եգիպտոսի զինուորական խորհուրդը երէկ նիստ մը գումարեց` նախագահութեամբ բանակի հրամանատար
զօր. Ապտելֆաթթահ Սիսիի, քննարկելու համար Սիսիի Եգիպտոսի նախագահութեան թեկնածու ներկայանալու
հարցը: Խորհուրդը զօր. Սիսիի հրաժարականը ընդունեց եւ անոր նախագահութեան թեկնածու
ներկայանալուն համաձայն գտնուեցաւ: Զինուորական խորհուրդի այս որոշումին հրապարակումէն
ետք, Եգիպտոսի փոխվարչապետ Զիատ Պահա ներկայացուց իր հրաժարականը: Յայտնենք, որ խորհուրդը
նաեւ մարաջախտի կոչում շնորհեց Սիսիին: Յիշեցնենք, որ Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ
Ատլի Մանսուր կիրակի օր յայտարարեց, որ ճամբու քարտէսի բարեփոխումէն ետք, նախագահական
ընտրութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ տեղի պիտի ունենայ: