2014-01-28 10:16:42

Գրական Երեկոյ-Գինեձօն՝ նուիրուած Հայր Անտոն Ծ. Վ. Ադամեանի «Կայծ Եւ Ամպրոպ» Հատորին։


Քաղուած` Գէորգ Պետիկեանի յօդուածէն։

Ուրբաթ, 17 Յունուար, 2014ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի եւ կազմակերպութեամբ Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբին տեղի ունեցաւ հայր Անտոն ծ. վրդ. Ադամեանի նոր լոյս ընծայած «Կայծ եւ Ամպրոպ» երկին գինեձօնը նոյն եկեղեցւոյ վերանորոգ «Գույումճեան» սրահին մէջ:
Ձեռնարկին Տիթրոյիթէն հրաւիրուած հեղինակ-հոգեւորական եւ ծանօթ մտաւորական հայր Ադամեանի կողքին ներկայ էին նոյն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, գաղութիս հայ մամուլի ներկայացուցիչները եւ հոծ թիւով մշակութասէրներ:
Բացման խօսքին մէջ երեկոյի հանդիսավար Անթուան Գարամանլեան յանուն կազմակերպիչ յանձնախումբին սրտի քաղցր խօսքով ելոյթ ունեցաւ, բարի գալուստ եւ շնորհա-կալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ մտերմիկ ձեւով ծանօթացուց հեղինակ հայր սուրբը, որ այսօր իր ներկայութեամբ, քով քովի համախմբած էր իր պաշտօնավարած եւ գործած Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներու հայ գաղութներու այս շրջանէն ներս ապրող գրասէր հայորդիները:
Գարամալեան աւելցուց, որ հեզահամբոյր եւ միշտ ժպտումերես հիւր մտաւորական, գրագէտ եւ հրապարակագիր Անտոն վարդապետը իր վաղեմի դասընկերը եղած էր եւ «մինչեւ Զմմառու դպրեվանք իր մուտքը հայերէն չէր գիտեր, իսկ այսօր հայ գրականութեան ածուէն ներս արդարօրէն վար ու ցան կը կատարէ»: Ան յիշեց, որ թէեւ հայր սուրբը ներկայիս Տիթրոյիթի կաթողիկէ համայնքին ժողովրդապետն է, սակայն տարիներով նոյն պաշտօնին ծառայած էր Պաղտատի, Դամասկոսի, Պէյրութի եւ Ամերիկայի մէջ: Ան իր կոչումին եւ ասպարէզին սիրահար անձ մը ըլլալով հանդերձ, իր խմբագրականներով, յօդուածներով միշտ իր հիացմունքը արտայայտած է հայ գիրին, գրականութեան եւ հայրենիքին:
Ան վեր առաւ նաեւ հայր Ադամեանի ներհուն, մաքուր եւ գիտակից մտաւորականի եւ բարձր հոգեւորականի տիպարը, որ ամէն առիթներով իր ծառայած իւրաքանչիւր հայ գաղութէն ներս կազմակերպած է գրական երեկոներ ու այս ձեւով տարած է հայ մշակոյթի տարածման ու բարգաւաճման ծանր աշխատանքը:
Օրուան գլխաւոր բանախօս, հանրածանօթ մտաւորական դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեան նախ բարի յիշեց, թէ 56 տարիներ առաջ, Լիբանանի Զմմառու վանքէն ներս հեղինակ հայր սուրբը դարձած էր իր դասընկերը. «Ադամեան հայր սուրբը, 56 տարիներ շարունակ ապրեցաւ եւ իր հետ ապրեցուց իր շուրջիններն ալ: Ուրախ ենք, որ ինք՝ հնոց դարձած այս գիրքով, ոչ միայն ջերմութիւն կու տայ, այլեւ ամպրոպ ու կայծակ», շարունակեց ան:
Ապա բանախօս Ահմարանեան շեշտը դրաւ հեղինակին մաքուր, տիպար եւ օրինակելի հոգեւորականի կոչումին վրայ եւ մեծապէս գնահատեց անոր հայ գրագէտի արժանիքները:
«Հայր սուրբը խիզախ եւ յանդուգն ըլլալով՝ հայապահպանման մասին մեծագոյն մտահոգուողներէն մէկն է: Մէկ խօսքով եզակի երեւոյթ մը, թէ հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի տարածքին», աւելցուց ան:
Անդրադառնալով «Կայծ եւ Ամպրոպ»ի նիւթին՝ Ահմարանեան միշտ իր խօսքերը հեղինակին գրութիւններով համեմելով, յայտնեց, թէ սոյն հատորը հիմնուած էր երեք գլխաւոր գաղափարներու վրայ՝ մարդ, լաւ հայ եւ Աստուած, եւ ապա մէկ առ մէկ պարզեց այս կէտերը:
Նախ անդրադարձաւ 21րդ դարու մարդուն եւ անոր հոգեբանական վերլուծումները իմաստաւորեց, կատարուած ախտաճանաչումները դրսեւորեց եւ ապա ծանրացաւ հեղինակին կողմէ շեշտաւորուած՝ «Բարձրացիր, բարձրացուր» նշանաբանի էական գաղափարին վրայ: Ան պարզաբանեց նաեւ հեղինակին «ես» բառը, որ ունէր երկու երանգաւորում՝ մաքուրն ու կեղծը:
Հատորին իբրեւ երկրորդ գլխաւոր գաղափար՝ լաւ հայու մասին անդրադառնալով, ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ «մարդ արարածը կը ծնի եւ կը մեռնի առանձին, բայց կ՛ապրի ուրիշին հետ»: Ապա պարզեց հեղինակին այս մասին կատարած ճշմարտութիւնը.
«Տիպար հայ՝ պոռալով չէ որ կրնանք ըլլալ: Նկարագիրդ պիտի կերտես ինքնաճանաչումի հիմքերուն վրայ», այսպէս պատգամած է հեղինակ հոգեւորականը:
«Հայ սուրբը թէեւ շատ մը հայկական գաղութներէ ներս ապրած եւ գործած է, սակայն իրեն համար ակնաղբիւրը եղած է մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը», շարունակեց բանախօսը:
Այս մասին խօսելով, ան աւելցուց, թէ հայր սուրբը իր այնքան կարօտցած հայրենիք բոյնը այցելելէ ետք, միշտ սիրով եւ երախտագիտութեամբ արտայայտուած է Հայաստանի, Երեւանի, Ս. Մեսրոպի, Խոր Վիրապի եւ այլ «մեծերու» մասին:
Անցելով Աստուծոյ բաժինին, Ահմարանեան պարզեց, թէ հեղինակը հրաւէր մը ուղղած է հայ մարդուն՝ աւելի մօտէն ճանչնալու զԱստուած, Շիրազի եւ Սեւակի հետեւողութեամբ եւ եկեղեցականի հոգիով:
Իր խօսքի աւարտին բանախօս Ահմարանեան յիշեցուց, թէ այս նոր երկը հայր սուրբին երկրորդ գիրքն է: Առաջինը արդէն սպառած է: Ան նաեւ վեր առաւ հեղինակ հոգեւորականի կեանքն ու գործունէութիւնը, որոնք լի են հարուստ իրադարձութիւններով:
Պէտք է ըսել, թէ բանախօս Ահմարանեան սպառիչ կերպով շեշտեց գրագէտ հայր սուրբին բացայայտ տաղանդը, արդարօրէն պարզեց անոր՝ մեր ազգին, հայրենիքին, ժողովուրդին, մարդկութեան, մեր մայրենի լեզուին ու մանաւանդ Աստուծոյ հանդէպ ունեցած անհուն սէրն ու պաշտամունքը: Աւելին, ան շեշտաւորեց հայր Ադամեանի ամէնօրեայ կեանքին մաս կազմող՝ հայրենիքին պաշտամունքը, իբրեւ սրբութիւն եւ յաւերժութեան նշան, իբրեւ ազգային հպարտութիւն:
Հայր Ադամեան, բեմ հրաւիրուելով, սրտի խօսքերով, հռետոր ոճով ու կուռ լեզուով ելոյթ ունեցաւ:
«Զիս կը գտնէք այս հատորին մէջ: Այս գիրքը ես եմ՝ իմ մեղաւորի սուր ճիչերով, իբրեւ արդարադատ Աստուծոյ հարազատ զաւակ: Լոյսը յաւիտենական է, ու այս գիրքը ես եմ եւ կ՛ուզեմ ճամբորդել քեզի հետ դէպի աղբիւրը լոյսին», ամբողջացուց հայր սուրբը իր խօսքը:

Խորքին մէջ այս մէկը հայ հանրութեան հրամցուած հայ գրագէտի սիրտէն եւ հոգիէն բխող կոչ մըն էր: Աւելին՝ հրաւէր մը միշտ լոյսի դիմելու: Ան ապրեցաւ եւ գործեց յանուն այդ լոյսին, աշակերտեց եւ ապա ուսուցանեց յանուն այդ լոյսին եւ վերջապէս՝ գործեց, մշակեց եւ դաստիարակեց յանուն այդ լոյսին։ Բացայայտ է, թէ հայր Ադամեանի մօտ հայ գրականութեան լոյսը միշտ վառ մնացած է:
Հեղինակին խօսքերը յոտնկայս, երկար ու ջերմ ծափահարութիւններով գնահատուեցան սրահին կողմէ:
Ապա առաջնորդ սրբազանը հեղինակին ու եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Գրիգորին հետ միասին կատարեց գինեձօնի աւանդական բաժինը:
Աւարտին, սրտի յատուկ խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Լոս Անճելըսի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետը, որ նախ բացատրեց կայծն ու ամպրոպը, ապա շնորհաւորեց հեղինակ հոգեւորականը ու շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբին:
«Կայծը, շարունակեց ան, հայր Ադամեանի սիրտին մէջ դարձած է վարակիչ ամպրոպ եւ փոթորիկ»: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ վեր առաւ հեղինակին հոգեւորականի տիպարը, անոր Աստուծոյ ու Քրիստոսի հանդէպ ունեցած սէրն ու յարգանքը ու նաեւ անոր Միջին Արեւելքի կարգ մը հայ գաղութներէ ներս տարած երկար տարիներու հոգեւոր հովիւի ծանր աշխատանքները:
«Տիթրոյիթը քեզի համար շատ փոքր է հայր սուրբ, շարունակեց սրբազանը, ուստի առ ի գնահատանք, այսօր քեզի կ՛անուանեմ նուաստիս փոխանորդը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն»:
Տպաւորիչ, նոյնքան ալ հպարտալի երեւոյթ, որուն իբրեւ արդիւնք՝ սրահը անգամ մը եւս թնդաց:
Գրական այս երեկոն ունէր նաեւ գեղարուեստական կոկիկ բաժին մը, որուն մաս կազմեցին Մկօ Փանոսեան (Կայլակ)՝ «Կայծ եւ Ամպրոպ»էն որոշ բաժինի ընթերցումով, Նունէ Եսայեան՝ նոյն երկէն ասմունքով, երգչուհի Եւա Եգանեան, Մայքըլ Արապեան եւ Անահիտ Հալապի՝ առանձին մեներգներով, եկեղեցւոյ «Այտընեան» երգչախումը՝ «Ով Հայոց Աշխարհ»ով եւ տոքթ. Վարդան Թաշճեան՝ սրտի անկեղծ խօսքերով:
Ձեռնարկի վերջին, ներկաներէն խնդրուեցաւ յոտնկայս միասնաբար երգել «Կիլիկիա»ն, որմէ ետք ներկաները հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կողմէ, միաժամանակ առիթը ունեցան աւելի մօտէն ծանօթանալու, ճանչնալու ու զրուցելու մտաւորական հոգեւորականին:
Այս առթիւ, մեր կողմէ՝ վարձքը կատար կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ զոյգ շնորհաւորականներ՝ Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ համայնքի նորանշանակ փոխառաջնորդ հայ Անտոն Ծ. վրդ. Ադամեանին՝ իր նոր երկի ծնունդին եւ իր նոր պաշտօնին առթիւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.