2014-01-27 09:10:45

Ժընեւեան բանակցութեանց մէջ չնչին յառաջխաղացք մը արձանագրուած Է։


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի, կիրակի 26 յունուարին, Ժընեւի մէջ սուրիական կառավարական ու ընդդիմադիր պատուիրակութեանց հետ ունեցած իր բանակցութիւններէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «վաղը առաւօտ (27 յունուարին) երկու կողմերուն հետ մէկ սրահի մէջ պիտի հանդիպիմ, իսկ կէսօրէ ետք անոնց հետ անգամ մը եւս անջատ հանդիպումներ պիտի ունենամ»:
«Այս առաւօտ խօսեցանք մարդասիրական հարցերու մասին, Հոմսի եւ քաղաքի պաշարման տակ գտնուող կեդրոնին մասին, եւ կը յուսամ, որ կը մօտենանք լուծումի մը, առնուազն ինչ կը վերաբերի քաղաքայիններուն», ըսաւ ան` յայտարարելով, որ «սուրիական կառավարութիւնը ողջունեց կիներու եւ մանուկներու Հոմսէն դուրս բերումը»:
Ինչ կը վերաբերի բանտարկեալներուն, ձերբակալեալներուն եւ առեւանգեալներուն Իպրահիմի նշեց, որ «մենք անոնց շուրջ քննարկումներ կատարեցինք, եւ որոշ ատենէ մը ի վեր կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք կին, մանուկ եւ տարեց բանտարկեալները ազատ արձակելու»:
«Կառավարութիւնը ընդդիմութենէն պահանջեց ձերբակալեալներու անուանացանկ մը ներկայացնել եւ ընդդիմութիւնը համաձայն գտնուեցաւ ցանկի մը պատրաստութեան», նշեց Իպրահիմի:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի քաղաքական խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը պիտի ձախողի, որովհետեւ ոմանք կը փորձեն անոր միջոցով Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները, հաւատադրժողականներն ու ծայրայեղականները թագադրել»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն հետ որեւէ երկխօսութիւն կարելի չէ կատարել»` աւելցնելով, որ «սկզբունքային նկատառումներով կը մերժենք անոնց հետ երկխօսութիւն կատարել եւ ուրիշներուն եւս չենք յանձնարարեր այդ մէկը ընել»:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ «Սուրիոյ մէջ մարդասիրական հարցերու լուծումը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի բանակցութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը պիտի ամրապնդէ»:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտնեց, որ «եթէ Ասատ մերժէ նախագահութեան թեկնածու ներկայանալ, ապա անոր վրայ ճնշում պիտի բանեցնենք թեկնածու ներկայանալու»:








All the contents on this site are copyrighted ©.