2014-01-27 13:12:28

''Եկեղեցին մարդասիրական կազմակերպութիւն մը չէ'' ըսաւ Քահանայապետը իր 27 Յունուարի արտասանած քարոզին մէջ։


Երկուշաբթի, 27 յունուարի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատաեց թէ ''կարելի չէ Եկեղեցին ըմբռնել որպէս մարդասիրական հաստատութիւն մը եւ թէ անոր իւրայատկութիւնը ի յայտ կու գայ Եպիսկոպոսներու եւ Քահանաներու տրուած օծումով եւ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ` ծառայելու համար Աստուծոյ ժողովուրդին։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն սուրբ քահանաներուն որոնք իրենց առօրեայ լռելեան ապրումով իրենց կեանքը կը նուիրեն ուրիշներուն։
Եպիսկոպոսները չեն ընտրուած յառաջ տանելու կազմակերպութիւն մը – ըսաւ Քահանայապետը – անոնք օծուած են եւ Տիրոջ Հոգին անոնց հետ է։ Այս օծումը - շարունակեց Սրբազան Հայրը - եպիսկոպոսներն ու քահանաները կը մօտեցնէ Տիրոջ որ անոնց կու տայ ույժ եւ ուրախութիւն, առաջնորդելու համար ժողովուրդ մը, եւ ապրելու այդ ժողովուրդին ծառայելով։
Եկեղեցին յառաջ կ՛ընթանայ Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ - ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը - ու ապա ակնարկեց այն եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն որոնք իրենց կեանքի ապրումով, իրենց յանձնուած հօտին կը փոխանցեն սրբութիւնը եւ որոնց մասին, դժբախտաբար, ոչ մէկ տեղեկութիւն կը գտնենք լրատուամիջոցներուն մէջ։
Նորին Սրբութիւնը քարոզը եզրափակեց ներկաները հրաւիրելով աղօթելու` քաջ, բարի, հաւատարիմ եւ սուրբ եպիսկոսպոսներուն եւ քահանաներուն համար, ''որուն կը պարտինք մեր այսօրուայ այստեղ ներկայութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.