2014-01-27 09:38:15

Եկեղեցական Գիտելիքներ
Գ. Շաբաթ Յայտնութեան (26 Յունուարէն 2 Փետրուար 2014)


RealAudioMP3 Կիրակի օր` Լսեցինք աւետարանին մէջ Քրիստոսի խօսքը ուղղուած իր աշակերտներուն, ուր կը բացայայտէ թէ ինք ունի կերակուր մը զոր իրենք չեն ճանչնար. Քրիստոսի ճշմարիտ կերակուրը հոգեկան է, կը կայանայ Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ։ Ուստի կը խրատէ զիրենք աւելի հետամուտ ըլլալու հոգեուր կերակուրին քան թէ մարմնաւորին, որ կորստական է։
Նոյնպէս երբ կը խօսի Սամարացի կնոջ հետ, աղբիւրին մօտ` անոր կը խոստանայ տալ ջուր մը որ երբեք չի ծարաւեցներ։ Քրիստոսի խօսքերուն հետեւանքը կ՛ըլլայ ամբողջ գիւղի մը դարձը. Անոնք կը մօտենան առաքեալներուն որպէս պարարտ ու ատոք հունձք մը, զոր Տէրը իրենց համար պատրաստած է։
Երկուշաբթի 27 Յունուարին ` տօնն է Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացիի, որ ճանչցուած է նաեւ որպէս Աստուածաբան անունով, իր բարձր մակարդակի հոգեւոր կրթութեան պատճառաւ։ Ծնած է 330-ին, Արիանզ գիւղը եւ բաւական ուսումներ ստանալէ ետք` 371-ին կը ձեռնադրուի Եպիսկոպոս Նազիանզի. Կ՛որոշուի նաեւ պատրիարք Կ.Պոլսոյ, սակայն իր դէմ լարուած հակառակութիւններուն պատճառով` կը հրաժարի եւ կը քաշուի իր քաղաքը, ուր եւ կը վախճանի 390 թուին։
Երեքշաբթի 28 Յունուարին` տօնն է Տրիփոն ճգնաւորին, ժամանակակից Ս. Գրիգոր Սքանչելագործի, որ մանկութեան հասակէն իսկ մեծ մարդասիրութիւն ցոյց կու տար հանդէպ հիւանդներուն եւ աղքատներուն։ Դեկոս կայսեր օրով, կը բռնուի եւ բազմաթիւ չարչարանքներէ ետք` կը գլխատուի իր հաւտաքին մէջ հաստատուն մանալուն համար։
Հինգշաբթի 30 Յունուարին տօնն է Գորդիոս վկային ու Սուրբեր՝ Պօղիքտոսի եւ Գրիգորիսի։
Շաբաթ 1 փետրուարին` կը տօնենք Սուրբ Սեղբեստրոս Հռոմի հայրապետի տօնը. նաեւ կը յիշատակուի Ս. Կոստանդիանոս թագաւորի տօնը։
Կիրակի 2 Փետրուարին Տեառընդառաջ է . ՜՜Գալուստն Աստուածորդւոյն քառասնօրեայ ի տաճարն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.