2014-01-27 09:04:50

«Անկեղծ երկխօսութիւնը կրնայ լուծել Սուրիոյ տագնապը եւ պահպանել Լիբանանի կայունութիւնը» շեշտեց Եազիժի Պատրիարքը։


Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը Մոսկուայի պատրիարքարանին մէջ կատարած իր յայտարարութեան ընթացքին յայտնեց, որ ինք Արեւելքէն կու գայ, այն շրջաններէն, որոնք ահաբեկչութեան եւ հաւատադրժողական շարժումներուն թիրախ կը դառնան:
Եազիժի պատրիարքը հաստատեց Արեւելքի մէջ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան կարեւորութիւնը, որ հարստութիւն կը բերէ բոլորին:
«Մենք մեր արմատներուն եւ հողերուն կառչած պիտի մնանք», ըսաւ Եազիժի պատրիարքը` աւելցնելով, որ անկեղծ երկխօսութիւնը կրնայ լուծել Սուրիոյ տագնապը եւ պահպանել Լիբանանի կայունութիւնը:
Նշենք, որ Եազիժի պատրիարքը ընդգծած է, թէ Մաալուլայի մայրապետները լաւ են եւ տակաւին կը գտնուին Եապրուտի մէջ:
Եազիժի պատրիարքը շեշտեց, որ մայրապետներուն եւ իրենց միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ արձանագրուած են եւ զանոնք ազատ արձակելու ջանքերը կը շարունակուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.