2014-01-27 14:06:57

'' Մարդկութիւնը ամչցնող նման սարսափալից արարք թող չկրկնուի'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը Ռաբունապետ Ապրահամ Աքորքային ուղղած մէկ նամակին մէջ, Հրեաներու ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրուան առթիւ։


''Շոայի սարսափը ոչ երբեք: Մարդկութեան համար ամօթ'' - այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Հրեաներու ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրուայ առթիւ, իր երբեմնի բարեկամ Պուէնոս Այրէսի Ռաբունապետ` Ապրահամ Աքորքայի յղած իր նամակին մէջ, որուն միջոզաւ Նորին Սրբութիւն իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ համայն Հրեայ ժողովորւդին։
Ձեռագիր նամակ մը որուն ընթերցումը պիտի կատարուի այս գիշեր, Հռոմի ''Երաժշտութեան'' համալիրի մէջ կազմակերպուած` ''Յոյսի Ջութակներ'' վերտառութեամբ, համերգին ընթացիքն։ Սրբազան Քահանայապետը կը մաղթէ որ ներկաները այդ համերգի մեղեդիներու ընդմէջէն, ունկնդրեն ''պատմութեան արցունքները'' որ իրենց մէջ արթնցնէ իղձը` յանձնառու ըլլալու այսպիսի ողբերգական արարքներ, որ մարդկութեան համար ամօթ մըն են, դարձեալ չի կրնկուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.