Կարտինալ Ռոպէրթ Սարահ` Վատիկանի Cor Unum բարեսիրական մարմնի նախագահը, 26-31 յունուար,
մեկնած է Փիլիպեան կղզեխումբ, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապի յատուկ պատուիրակ, այցելելու այն
վայրերը որ վերջերս թիրախ դարձան ''Հայեան'' կոչուած մրրիկին եւ որուն հետեւանքով աւելի
քան 5.500 հոգիներ մահացան, 23 հազարը վիրաւորուեցան եւ 2000-ի ճակատագիրը տակաւին անյայտ
նկատուած է, մինչ աւելի քան չորս միլիոն անձ տեղահան եղած են։ Կարտինալ Սարահ աղէտեալ
բնակչութեան պիտի փոխանցէ Սրբազան Քահանայապետին հոգեւոր եւ նիւթական հոգատարութիւնը։
Ս. Աթոռը մտադիր է այնտեղ կառուցանել որբանոց մը եւ ծերանոց մը։ Աղէտէն անմիջապէս
ետք Վատիկանը 150 հազար տոլար տրամադրած էր աղէտելաներուն։ Իր կեցութեան ընթացքին, Կարտինալ
Սարահ, կը մասնակցի Փիլիպեան կղզեխումբի եպիսկոպոսներու լիանիստ ժողովին ինչպէս նաեւ
հանդիպում կ'ունենայ հանրապետութեան նախագահ` Աքինոյի հետ։