2014-01-26 12:15:42

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` ''Ոչ մէկ ''արուարձան'' զրկուած մնայ Քրիստոսի Աւետարանի լոյսէն''։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կիրակի 26 յունուարի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւնը մը կատարեց քաղուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն ուր կը խօսուի Յիսուսի առաքելութեան սկիզբի մասին Գալիլիոյ մէջ։ Գալիլիան, որ սահմանային շրջան մըն էր, ուր տարբեր մշակոյթի եւ կրօնի մարդիկ իրարու կը հանդիպէին, դարձաւ բոլոր ժողովուրդներու Աւետարանը քարոզելու տիպար վայրը, որովհետեւ Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ թէ ''Բարի աւետիսը'' չէ վերապահուած մարդկութեան միայն մէկ մասին, այլ ան պէտք է հռչակուի բոլորին։ Եւ մեկնելով Գալիլիայէն` Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ թէ ոչ մէկը դուրս կը մնայ Աստուծոյ փրկչագործ ծրագիրէն, ընհակառակը Աստուած կ՛ուզէ ընդգրկել բոլորը, մեկնելով աշխարհի արուարձաններէն եւ ամենայետիններէն։
Յիսուս իր առաքելութիւնը կը սկսի ոչ միայն ''ապակեդրոնացած'' վայրէ մը, այլ, այս առաքելութեան համար, կ՛ընտրէ նաեւ '' համեստ '' մարդիկ` ձկնորսներ ։ Զանոնք կը կանչէ ու անոնք կը հետեւին Իրեն։
Սիրելի բարեկմաներ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը – Տէրը` այսօր եւս մեզ կը կանչէ, կ՛ացնի մեր առօրեայ կեանքի ճանապարհներէն։ Մեզ կը հրաւիրէ երթալու իր հետը եւ գործելու` Աստուծոյ արքայութեան ի սպաս, ժամանակակից Գալիլիաներուն մէջ։
Թոյլ տանք որ Անոր հայեացքը եւ Անոր ձայնը ներթափանցեն մեր մէջ, ու հետեւինք Իրեն որպէսցի Աւետարանի ուրախութիւնը հասնի աշխարհի բոլոր կողմերը եւ ոչ մէկ ''արուարձան'' զրկուած մնայ Անոր լոյսէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.