2014-01-26 12:31:22

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը մաղթեց որ Ուքրանիոյ մէջ հաստատուի կառուցողական երկխօսութիւն։


Կիրակի 26 յունուարի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած ուխտաւորները, յատուկէն վերյիշեց ''բորոտներու համաշխրհային օրը'' որ կը նշուի այսօր, եւ հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու այս հիւանդութենէն տառապող եղբայր ու քոյրերու համար։
Ան ապա անդրադառնալով Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող բախումներուն, իր մօտիկութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց որ իրենց կեանքը կորսնցուցին, ու անոնց ընտանիքներուն, ու ապա մաղթեց որ կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ հաստատուի կառուցողական երկխօսութիւն մը, ու ամէն մէկու սրտին մէջ գերիշխէ խաղաղութեան եւ հասարակաց բարիքի հոգին։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ակնանրկեց Չինական ամանորին եւ այս առթիւ այս տօնախմբութիւնը կատարողներուն մաղթեց` ուրախութեան եւ յոյսի կեանք մը, տոգորուած եղբայրութեան ձգտումով, որ նաստէ աւելի մարդկային աշխարհի մը կառուցման, ուր իշխէ խաղաղութիւնը։
Սրբազան Հայրը արդ յիշեց Նափոլի քաղաքին մէջ, շաբաթ 25 յունուարին, տեղի ունեցող` Մարիա Քրիսթինա Սավոյա թագուհիին երանացման արարողութիւնը ու ապս ողջունեց հրապարակը համախմբուած Իտալիոյ եւ Եւրոպական այլ երկիրներու զանազան ժողովրդապետութիւններէ ժամանած հաւատացեալները եւ ի վերջոյ յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ''Ացիոնէ Քաթթոլիքայի'', Հռոմի մասնաճիւղի պատանիներուն, որ այսօր Սուրբ Պետրոս ժամանած են նշելու ''խաղաղութեան կառավանը''։
Շնորհակալ եմ ձեր ներկայութեան համար, ըսաւ Քահանայապետը, ու ապա հրաւիրեց բոլորը ունկնդելու, Ացիոնէ Քաթթոլիքայէն, իր մօտ եղող երկու պատանիներու պատգամը, որոնք Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցին խախաղութեան կոչը եւ կարօտեալներուն համար իրենց կատարած դրամահաւաքը։
Պատգամէն ետք, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հրաւիրեց պատանիները միասին ազատ արձակել խաղաղութիւնը խորհրդանշող երկու աղաւնիներ հուսկ աւարտեց` ''բարի կիրակի'' մաղթելով բոլորին։







All the contents on this site are copyrighted ©.