2014-01-26 11:14:26

''Բաժանումները գայթակղութիւն մըն են։ Միասնաբար քալելը արդէն իսկ միութիւն կազմել է''` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, եզրափակելով Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը։


''Քրիստոնեաները կարող են բաժանումները յաղթահարել Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ։ Միասնաբար քալելը արդէն իսկ միութիւն կազմել է''։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, շաբաթ 25 յունուարին, Պօղոս Առաքեալի դարձին տօնին առթիւ, Հռոմի Սուրբ Պօղոսի (պարիսպէն դուրս) անուան պազիլիքայի մէջ նախագահած` Քրիստոնեաներու Միութեան շաբթուայ եզրափակիչ` երեկոյան ժամասացութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ։
Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ քրիստոնեայ այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ քրիտոնեայ համամիութենական կազմակերպութիւններ, որոնց շարքին նաեւ Զուիցերիոյ` Պօսսէյ համամիութենական հաստատութեան 31 աշակերտները։

Քրիստոա չի կրնանր բաժնուիլ։ Քրիստոնեաներու միջեւ բաժաունմները գայթակղութիւն մըն են, որուն հետեւանքով ամէնքս կը վնասենք։ Եւ որպէսզի գայթակղութեան պատճառ չի դառնանք, միասնաբար ընթանանք, եղայրաբար, դէպի միութիւն – յանձնարարեց Քահանայապետը - ու աւելցուց "Միասնաբար քալելը արդէն իսկ միութիւն կազմել է, եւ միութիւնը միշտ կը գերազանցէ հակամարտութիւնները''։
Եթէ մենք միասնաբար չի քալենք, եթէ չ՛աղօթենք մէկը միւսին համար եւ միասնաբար չի համագորածակցինք Աստուծոյ ժողովրուդին ի սպաս գործունէութեան մէջ, միութիւնը չի կրնար իրականանալ։
Տէրը – ըսաւ Քահանայապետը – մեզի հետ է այս միութեան այս ճանապարհի վրայ եւ միայն Ինք կրնայ` մեր միութեան սկիզբը, դրդապատճառն ու մղիչ ուժը հանդիսանալ։ Ան ապա անդրադարձաւ նախորդ Քահանայապետներու համամիութեան ի սպաս յանձնառումին` սկսեալ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետէն, անցնելով Պօղոս Զ-էն եւ Յոհաննէս Պօղոս Բ էն։ ''Այս քահանայապետներու յանձնառումը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - այնպէս ըրաւ որ համամիութիւնը եւ համամիութենական երկխօսութիւնը դառնան Հռոմի Եպիսկոպոսի առաքելութեան հիմնական մէկ երեւոյթը'', ու ապա խօսքը եզրափակեց հաստատելով թէ համամիութենական ճանապարհը թոյլ տուաւ աւելի լաւ ըմբռնելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին առաքելութիւնը եւ թէ վստահ ըլլալու ենք թէ ապագային ալ այդ առաքելութիւն պիտի ընթանայ նոյն ճանապարհով։








All the contents on this site are copyrighted ©.